Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՆՇՈՅԼ ՀՐՃՈՒԱՆՔԻ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՐԱՄ ՔԷԹԷՆՃԵԱՆ)

November 25, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2011-ին Հալէպի «Արեւելք» տպագրատան մէջ լոյս տեսաւ Արամ Քէթէնճեանի «Նշոյլ հրճուանքի» խորագրեալ քերթողագիրքը, որ կը բաղկանայ 120 էջերէ:

Հեղինակը ծնած է Պաղտատ, 1958-ին: Նախնական ու երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Պաղտատի Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ: 1980-ին աւարտած է Պաղտատի «Վարչութիւն եւ տնտեսութիւն» համալսարանը:

1996-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, ձեռամբ` Աւագ արք. Ասատուրեանի:

Ստանձնած է պաշտօն` իրաքահայ թեմի առաջնորդարանին մէջ: Ապա նետուած է կրթական ասպարէզ` դասաւանդելով հայոց լեզու եւ գրականութիւն Ազգային Տարրական երկսեռ վարժարանին մէջ:

Եղած է անդամ Պաղտատի առաջնորդարանի «Կանթեղ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմին:

Գրել սկսած է կանուխ տարիքին: Ստորագրած է յօդուածներ «Էջմիածին» ամսագրին, «Հայ գրող» պարբերաթերթին, «Ազդակ» օրաթերթին, «Ս. Թադէոս» եւ «Լրատու» թերթերուն եւ «Վարագ» տարեգիրքին մէջ:

«Նշոյլ հրճուանքի» քերթողագիրքին սկիզբը «Խօսք օրհնութեան եւ գնահատանքի» խորագրեալ իր յառաջաբանին մէջ, Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան կ՛ըսէ, թէ Արամ Քէթէնճեան այն տիպար հայն է, որ անձնդիր նուիրումով ծառայած է հայրենիքին, ազգին, եկեղեցիին եւ հայ մշակոյթին:

Արդարեւ, առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ Արամ Քէթէնճեանին անձին վերագրուած յիշեալ չորս յատկանիշները կը բացայայտուին «Խորքերս» խորագրեալ բանաստեղծութեամբ, ուր հեղինակը կ՛ըսէ, թէ իր սրտին չորս բաժիններուն մէջ կան չորս տեսակ սէրեր: Թէ` առաջին սէրը կը վերաբերի հայրենիքին, երկրորդը` Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ, երրորդը` հայոց մեսրոպաշունչ լեզուին, իսկ չորրորդը` իր սիրոյ էակին:

Հայրենիքի պարագային, Քէթէնճեան կը բաղձայ անմահանալ յաւերժական ձիւնով պարուրուած Արարատի գրկին մէջ: Հայրենի բնութիւնը գերիվեր նկատելով երկրային ամէն գեղեցկութենէ` կ՛ըսէ, թէ Արագածի ձորերը խոր են եւ անոր դալարագեղ լանջերէն կը հոսին զուլալ ու վճիտ աղբիւրներ: Թէ` Արարատի ստորոտը կան բարեբեր դաշտեր եւ գունագեղ այգեստաններ:

Արամ Քէթէնճեան ապա կը հաստատէ այն իրողութիւնը, թէ մենք իբրեւ հինաւուրց ժողովուրդ` ունինք ազգային աւանդութիւններով հարուստ պատմական անցեալ մը, որ կը յատկանշուի յարատեւ պայքարով, տառապանքով եւ արութեան բազում գործերով:

Թէ` մենք ինքնակոչ կամքով չենք եկած աշխարհ, այլ մեր քաջարի նախնիներուն նման` մղած ենք գոյամարտ: Թէ` շառաւիղն ենք Հայկ Նահապետի, Մեծի Տիգրանի, Դաւիթի, Վարդանի եւ Սուրբ Մեսրոպի: Թէ` մենք, համայն աշխարհի մէջ, այն առաջին ժողովուրդն ենք, որ ազգովին ճանչցանք քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն: Սակայն, հակառակ միջազգային քաղաքակրթութեան մեր ընձեռած իմացական եւ մշակութային նպաստին, կ՛ըսէ Արամ Քէթէնճեան, քսաներորդ դարու վաղ այգաբացին տեսանք Եղեռնը իր աննախընթաց ահաւորութեամբ եւ աքսորի ճամբաներուն վրայ տեսանք ջարդ ու լլկանք, բայց 1918 թուին մենք ունեցանք մայիս 28 եւ ունեցանք` «Հայերուս համար երկրային դրախտ` Հայաստան կոչուած բոյն մը սիրական»:

Այս դիտաւորութեամբ, հեղինակը կոչ կ՛ուղղէ հայրենի ժողովուրդին, որ չլքէ իր մայրենի հողը եւ չբռնէ արտագաղթի ճամբան, որպէսզի օտար ոստաններու մէջ չկորսնցնէ իր ազգային ինքնութիւնը:

Ապա Արամ Քէթէնճեան կը գովաբանէ բնագեղ տեսարաններով օժտուած Ծաղկաձորը, ուր աշխարհի չորս ծագերէն հայ ուսուցիչներ եւ մտաւորականներ համախմբուեցան Համահայկական կրթական Դ. խորհրդաժողովի առիթով եւ այս կապակցութեամբ հեղինակը կը գրէ հետեւեալ տողերը.

«Եւ դո՛ւ, դարձար խօսք, յո՜յս եւ ինքնութիւն,
Արդի պատմութեան` մշտավառ փարոս.
Շղթայ լեռներըդ պարիսպներ կայուն,
Դու` երկնասըլա՜ց կրթութեան ամրոց»:

Արամ Քէթէնճեան ջերմապէս կը սիրէ մեր կրթական, մշակութային ու եկեղեցական կառոյցները այն խոր համոզումով, որ անոնք կը հանդիսանան անխորտակելի կռուանները մեր դարաւոր գոյութեան:

Այս համոզումին կենդանի վկայութիւնն է «Ազգային վարժարան» խորագրեալ քերթուածը, ուր հեղինակը Պաղտատի հայոց վարժարանի վերաբացման առիթով կը գրէ հետեւեալ սրտաբուխ խօսքերը.

«Կամարներուդ տակ հնչեց հայ լեզուն,
Եւ Մաշտոցը սուրբ, ապրեցաւ այնտեղ,
Իսկ Կոմիտասի հոգին տառապեալ,
Հանգիստը գտաւ, կտուրիդ ներքեւ»:

Նոյնպէս, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառուցման 50-ամեակին առիթով կրօնաշունչ նոյն զգացումը կ՛արտայայտէ Քէթէնճեան` «Եկեղեցին մեր» խորագրեալ քերթուածէն մէջբերուած հետեւեալ տողերով.

«Պաղտատի սրտին կառոյց գեղանի,
Եկեղեցին մեր յիսո՛ւն տարեկան.
Բուրմունքներուն մէջ զուլալ Տիգրիսի,
Երկնաբեր՜ձ փարոս, ջահ նուիրական:

Գմբէթներն անոր, փա՛ռք են, վեհութի՛ւն,
Զանգակատունը` կա՛նչ լինելութեան.
Իր դասը խորո՜ւնկ հոգւոց մաքրութիւն,
Կամարները վեհ` դրոշմ հայկական»:

Արդարեւ, Վարդանանց դիւցազնամարտի աստուածահաճոյ եւ հայրենաշունչ պատգամով հիմնաւորուած Արամ Քէթէնճեանի «Նշոյլ հրճուանքի» խորագրեալ քերթողագիրքը գրուած է հաւատքով եւ անկեղծութեամբ…

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2011
Պէյրութ

Նախորդը

«ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Յաջորդը

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ՅԻՇԵՑՈՒՑ ՔԻՒՐՏ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԲՆՈՐՈՇՈՒՄՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.