Հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 16-28 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ վերոնշեալ ակումբին թենիսի տարեկան մրցաշարքը` անոր դաշտերուն վրայ (Քասլիք):
Տեղի պիտի ունենան 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկան դասակարգի մրցումներ, ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց, 45 եւ 55 տարեկանէն վեր դասակարգերու մրցումներն ալ:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 13 յուլիսը: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ վիճակաձգութիւնը:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցաշարքին մասնակցիլ, պէտք է կապ հաստատեն կազմակերպիչներուն հետ:



