Լիբանանի մինի-ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ երեքշաբթի, 24 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մինի-ֆութպոլի առաջին ախոյեանութեան 2018 տարեշրջանին վիճակաձգութիւնը:
Անիկա սկիզբ պիտի առնէ ուրբաթ, 27 յուլիսին:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 24 խումբեր` լիբանանեան տարբեր նահանգներէն:
Ֆետերասիոնը նախապէս կազմակերպեց Լիբանանի բաժակի մրցաշարքը, որուն տիտղոսին տիրացաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը:



