Իտալական Ա. Սէ. Միլանը իր ունեցած պարտքերուն պատճառով դարձաւ ամերիկեան «Էլիոթ Մենեճմընթ» ընկերութեան սեփականութիւնը:
Ակումբի նախկին սեփականատէր Լի Եունհուն չկատարեց իր վարկային պարտականութիւնները եւ սահմանուած ժամկէտին չկրցաւ վճարել 32 միլիոն եւրօ:
Ապրիլ 2017-ին ամերիկեան այդ ընկերութիւնը Եունհունին տրամադրած էր 303 միլիոն եւրոյի վարկ:
Վերջերս «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն ֆինանսական «ֆեր-փլէյ»-ը խախտելուն համար Ա. Սէ. Միլանը զրկած էր եւրոպական ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքերուն մասնակցելու իրաւունքէն:



