Աթլեթիքօ Մատրիտի սպանացի նախկին յառաջապահ Ֆեռնանտօ Թորես որոշեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ճափոնի մէջ` նկատի ունենալով, որ ան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սական Թոսու խումբին հետ:
Նշուեցաւ, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստին տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 6,2 միլիոն եւրօ:
Այսպիսով, ան կը դառնայ երկրորդ սպանացին, որ այս ամառ կը տեղափոխուի Ճափոն:
Անկէ առաջ, Պարսելոնայի նախկին միջնապահ Անտրես Ինիեսթա միացած էր ճափոնական կազմերէն Վիսել Քոպէի:



