Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ Փաշինեան – Մաքրոն Հանդիպում

July 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պրիւքսել գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանը մեծապէս կը գնահատէ Ֆրանսայի հետ ձեւաւորուած առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները` հիմնուած երկու ժողովուրդներու աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքին վրայ: «Մեզի համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովը: Յանձնառու ենք անիկա ամէնէն բարձր մակարդակով կազմակերպելուն: Շնորհակալ ենք Ֆրանսային`  նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ ցուցաբերուող աջակցութեան համար», ըսած է Հայաստանի վարչապետը` աւելցնելով, որ վեհաժողովի ընթացքին մեծ ուշադրութիւն պիտի տրուի նաեւ տնտեսական բաղադրիչին. կը նախատեսուի կազմակերպել ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու եւ գործատուներու պիզնես ֆորում եւ այդ ֆորումին հիմամբ ստեղծել ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու  ցանց: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզմունք յայտնած է, որ Էմմանուէլ Մաքրոնի պետական այցելութիւնը Հայաստան եւ մասնակցութիւնը վեհաժողովին այդ կարեւոր նախաձեռնութիւնը աւելի հնչեղ պիտի դարձնէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ամբողջ ֆրանսախօս համայնքին համար:

Էմմանուէլ Մաքրոն շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ կարեւոր նկատած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու խաղաղ, ժողովրդավարական ճամբով հանգուցալուծումը: Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է, որ իր երկիրը պատրաստ է շարունակելու բարեկամ Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած ջանքերը` տարբեր մարզերու մէջ, որոնց կարգին` առեւտրական-տնտեսական: Էմմանուէլ Մաքրոն վստահութիւն յայտնած է, որ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի բարձր մակարդակով եւ յոյս յայտնած, որ Հայաստան կատարելիք այցելութեան ընթացքին կարելիութիւն ըլլայ աւելի  առարկայականօրէն քննարկելու հայ-ֆրանսական կապերու հետագայ  խորացման ու ամրապնդման ուղղուած հարցերն ու նախագիծերը:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են նաեւ Ղարաբաղեան տագնապին եւ կարեւոր նկատած անոր լուծումը խաղաղ բանակցային հոլովոյթի միջոցով` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջագիծին մէջ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է համանախագահ երկիրներու, որոնց շարքին Ֆրանսայի ջանքերը` ուղղուած ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման եւ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման: Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանը հաւատարիմ է Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ իրականացուող բանակցային հոլովոյթին եւ աւելցուցած, որ տագնապի  լուծման որեւէ զինուորական փորձ պէտք է դիտարկել իբրեւ ոտնձգութիւն ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու դէմ:

Վարչապետ Փաշինեան Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է
Քառնեկի Կեդրոնի Փորձագէտներու Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Պելճիքա կատարած աշխատանքային այցելութեան առաջին կայանը եղած է  «Քառնեկի  Եւրոպա» հետազօտական կեդրոնը: Այդտեղ ան հանդիպում ունեցած է կեդրոնի փորձագէտներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան շարք մը  բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ:

Վարչապետը նախ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, խաղաղ թաւշեայ յեղափոխութեան ու ընթացող փոփոխութիւններուն, ներկայացուցած է փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ կառավարութեան ձեռնարկած քայլերը, գործադիրի միւս առաջնահերթութիւնները, որոնց շարքին` տնտեսութեան ոլորտի, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու մէջ եւ պատասխանած է ներկաներու շարք մը հարցումներուն: «Մենք յաղթահարած ենք մեր սեփական վախերը եւ իրագործած սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութիւն` վերացնելով ինքնավերարտադրուող իշխանութիւնը` այսպիսով մենք զմեզ եւ աշխարհին յայտարարելով, որ երբեք այլեւս թոյլ պիտի չտանք, որ մէկ անձը որոշում կայացնէ բոլորին անունով: Հայաստանի քաղաքացին յաղթահարած է այնպիսի արատաւոր երեւոյթներ, ինչպիսիք են`  փտածութիւնը, անարդարութիւնը, ոչ արդիւնաւէտ կառավարումը: Մենք կը գտնուինք արագ փոփոխութիւններու օգնութեամբ աւելի բարգաւաճ, ներառական եւ արդիականացուած Հայաստան կերտելու նոր փուլին մէջ», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ տեղի ունեցած յեղափոխութեան մէջ գոյութիւն չունի աշխարհաքաղաքական ենթահող, եւ նոր կառավարութիւնը չի ծրագրեր որեւէ արտաքին քաղաքականութեան առանցքային փոփոխութիւններ կամ կտրուկ շրջադարձներ: «Հայաստանի նոր կառավարութիւնը պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը, որպէսզի արմատախիլ ըլլան մեր զարգացումը դանդաղեցնող բոլոր խոչընդոտները», նշած է վարչապետը:

«Մեր աշխարհագրական դիրքը, խոր գիտելիքներով եւ միջմշակութային կապերով օժտուած  մարդկային պաշարները, հաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութիւնը երկրի մրցունակութեան յատկանիշներն են, եւ մեր հասարակութիւնը ինծի վստահութիւն կը ներշնչէ, որ մենք ճիշդ  ճամբուն վրայ ենք: Մենք Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ  անդամ ենք, ինչ որ մեր տնտեսական զարգացման համար հսկայական կարելիութիւններ բացած է: Հայաստանը պատրաստ է կամրջելու Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան շահերն ու դիրքորոշումները, որքանով անիկա  ընդունելի ըլլայ երկու կողմերուն համար», ընդգծած է վարչապետ Փաշինեանը:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւրոպական օրակարգին` կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը  Հայաստանի համար եղած է կարեւոր գործընկեր համապարփակ հաստատութենական եւ իրաւական բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանը հաւատարիմ է տագնապի խաղաղ լուծման` հիմնուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ  առաջարկուող սկզբունքներու եւ մօտեցումներու վրայ: «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշումը այլընտրանք չունի: Տագնապի լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ բոլոր կողմերուն փոխզիջման վրայ: Ինչպէս որեւէ այլ ժողովրդավար երկիր` Հայաստանը յանձնառու է Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապը լուծելու բացառապէս խաղաղ ճամբով», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Արցախի Կառոյցի Խումբ Մը Ներկայացուցիչներու Հետ

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.