Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

November 25, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22 նոյեմբերը կարեւոր թուական մըն է Լիբանանի ազգային տօներու ցանկին մէջ, որովհետեւ Լիբանան կը տօնէ իր անկախութիւնը: Որպէս պատմական դէպք եւ իրականութիւն` ասկէ 68 տարիներ առաջ Լիբանան երկար պայքարէ ետք ստացաւ իր անկախութիւնը եւ դարձաւ անկախ պետութիւն մը, որ ունի սահման, բանակ, դրօշակ եւ պետական կառոյցներ: Մինչ ամէն տարի այդ անկախութեան տօնը կը յիշատակուի Լիբանանի մէջ, այդ մէկը նաեւ կը դառնայ գեղեցիկ առիթ հայկական վարժարաններուն մէջ խօսելու անկախութեան մասին, անդրադառնալու անոր արժէքին եւ կարեւորութեան Լիբանանի ժողովուրդին համար, նաեւ խօսելու լիբանանեան պետական կառոյցներու մասին:

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը` որպէս Լիբանանի մէջ գործող վարժարան, մեծ կարեւորութիւն տալով ազգային լիբանանեան դաստիարակութեան, զանազան գործունէութիւններով իր աշակերտներուն հետ յիշատակեց Լիբանանի անկախութեան տօնը: Այդ գործունէութիւններէն յատկանշական են հետեւեալները.

Ա.- Ատենամարզանքի պահ, նախակրթարանի եւ երկրորդականի ուսուցիչներ Լինա Թիւմպէրեան ու Տաատ Գժտրեան սահիկներով ներկայացուցին Լիբանանի պատմութիւնը տարբեր հանգրուաններու եւ յատկապէս կեդրոնացան 1943 թուականին իրագործուած ժողովրդական շարժման վրայ, որուն իբրեւ արդիւնք Լիբանան դարձաւ անկախ պետութիւն:

Բ.- Ուրբաթ, 18 նոյեմբեր, 2011-ը յատուկ օր մը եղաւ նախակրթարանի բաժնին համար, որովհետեւ այդ օր  աշակերտները այցելեցին Ռայաքի զինուորական օդակայանը, ծանօթացան հոն գործող բանակայիններուն, տեսան պատերազմական օդանաւեր եւ տեղեկութիւններ ստացան լիբանանեան բանակին մասին` որպէս պաշտպանը Լիբանանի անկախութեան: Անոնք վերադարձան դպրոց` հրճուած, զօրացած ազգային հոգիով եւ գիտակցութեամբ:

Գ.- Երկուշաբթի, 21 նոյեմբեր 2011-ին` առաւօտեան պաշտամունքէն անմիջապէս ետք, աշակերտութիւնը հաւաքուելով դպրոցի շրջափակը, ունկնդրեց լիբանանեան քայլերգը, կատարեց դրօշակի արարողութիւն: Ապա աշակերտները լսեցին անկախութեան խորհուրդին մասին` Հելէն Ապու Րժէյլի եւ տնօրէն վեր. Ր. Մսըրլեանի կողմէ:

Դ.- Անկախութեան այս տօնակատարութիւնները աւարտեցան չորեքշաբթի, 23 նոյեմբերին, երբ մանկապարտէզի բաժինը Այնճարի քաղաքապետութեան հրաւէրով, այցելեց Այնճարի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի կեդրոններէն մէկը: Այդտեղ աշակերտները ներկայացուցին արաբերէն լեզուով ասմունք եւ երգ, ապա լսեցին պատգամը Այնճարի քաղաքապետ Կարապետ Փամպուքեանի: Ապա բանակի սպաներն ու քաղաքապետը միանալով աշակերտութեան պատրաստած թաթիկներով դրոշմներուն իրենք ալ իրենց դրոշմը դրին պաստառին վրայ, որ կը կրէր այս պատգամը` «Ձեռք ձեռքի Լիբանանը անկախ պահենք»: Ապա այս պաստառը զետեղուեցաւ Այնճարի կեդրոնական հրապարակին վրայ:

Նախորդը

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ՅԻՇԵՑՈՒՑ ՔԻՒՐՏ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԲՆՈՐՈՇՈՒՄՈՎ

Յաջորդը

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ «ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆ ՍԵՒԱՆ ԳԱՊԱԳԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.