Նոթեր Ու Նետեր
Եթէ Աղջիկ Զաւակ Մը Ունենայի…
Երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Տին Ռասքի աղջիկը ամուսնացաւ սեւամորթի մը հետ, եղան ըսողներ.
– Այս ամուսնութիւնը զուտ սիրայի՞ն է, թէ սիրախառն քաղաքական նպատակ ունի:
– Արդեօք սեւամորթները սիրաշահելո՞ւ համար կնքուեցաւ այդ հիմենեան միութիւնը:
– Արդեօք ամերիկեան հանրապետութի՞ւնն ալ կը հետեւի թագաւորներու օրինակին` խնամութիւնով խաղաղութիւն հաստատելու համար: Կամ` ստեղծելու համար հարսանիքով հաշտութիւն, համերաշխութիւն: Եւրոպայի այն երկիրները, որոնք տակաւին թագաւոր ունին, բոլորն ալ իրարու ազգական են, քանի որ իրարու աղջիկ տուած կամ առած են:
– Չի՞ կրնար ըլլալ, որ վաղն ալ ուրիշ ամերիկացի պետական անձնաւորութեան մը դուստրը ամուսնանայ չինուհիի մը հետ, եւ կամ` Վիեթքոնկի պատկանող դեղնամորթի մը հետ, սիրոյ շնորհիւ խաղաղութիւն հաստատելու համար Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ:
– Անկցի՛ կռիւը, որ մահ է: Կեցցէ՜ կեանքը, որ սէր է: Խնամի ըլլալը խելացի գործ է:
* * *
Բարեկամ մը ինծի ցոյց տուաւ ֆրանսական հանդէսի մը քանի մը ամիս առաջուան մէկ համարը, որուն մէջ խմբագիրը ընթերցողներուն կ՛ուղղէ հարցում մը` Տին Ռասքի աղջկան սեւամորթի մը հետ ամուսնանալուն առթիւ:
Ահա այդ իմաստո՜ւն հարցումը.
– Ձեր աղջիկը կնութեան կու տայի՞ք սեւամորթի մը…
Անձնապէս ու ամբողջական անկեղծութեամբ պատասխանելով այս հարցումին` կը յայտարարեմ.
– Ո՛չ, պարո՛ն խմբագիր: Եթէ ես աղջիկ մը ունենայի, որ սիրահարած ըլլար սեւամորթի մը ու փափաքէր ամուսնանալ, ես կարելիս ու անկարելիս պիտի ընէի հրաժարեցնելու համար զինքը այդ ձեռնարկէն: Ի մի բան, յօժարութեամբ պիտի չտայի աղջիկս սեւամորթի: Ինչպէս եթէ մանչ զաւակ մը ունենայի, երբեք պիտի չուզէի, որ ան միանայ սեւամորթուհիի: Չկարծէք, թէ սեւերուն եմ թշնամի: Ընդհակառակն, համակիր եմ նոյնիսկ: Բայց համակրական կապը, այլ բան, հիմենեան կապը ուրիշ բան է:
Այս առթիւ աւելցնեմ, որ աղջիկս պիտի չտայի հաւասարապէս ո՛չ կարմրամորթի, ո՛չ ալ դեղնամորթի:
Նոյնիսկ համամիտ պիտի չըլլայի, որ աղջիկս ամուսնանայ սպիտակամորթի մը հետ, եթէ այդ սպիտակամորթը հայ չէ:
Փեսաս հայ ըլլալու էր, բայց` ոչ սեւերես հայ: Սակայն միայն հայ ըլլալն ալ բաւական չէր: Պէտք էր, որ փեսաս գիտնար հայերէն խօսիլ ու կարդալ: Բայց այդքանն ալ չէր բաւեր: Պէտք էր գործածէր հայերէնը եւ ըլլար ընթերցող:
Պիտի փափաքէի, որ նորակազմ բոյնին մէջ ճռուողէին հայերէն, որպէսզի թոռնիկներս դայլայլեն հայերէն:
Հին հայերը, նոյնիսկ դեռ կէս դար առաջուան հայերը իրենց աղջիկները կամ մանչերը կ՛ամուսնացնէին ոչ միայն հայերու հետ, այլ` ծննդավայրակիցներու հետ: Երբ հայ գիւղացին կամ հայ քաղաքացին իր զաւկին համար կեանքի ընկեր մը պիտի ընտրէր, կը նախընտրէր, որ ան ըլլայ տեղացի: Ծանօթ ծառի պտուղ:
Տարիներ առաջ, երբ քէօթահեացիի մը հետ իր փեսին խօսքը կ՛ընէինք, ըսաւ.
– Այո՛, փեսաս լաւ տղայ է, բայց մեղք որ մենէ չէ:
Հարցուցի.
– Բայց ի՞նչ ըսել կ՛ուզես այդ «մենէ չէ»-ովդ: Հայ է, որով մենէ է:
– Այո՛, հայ է, բայց քէօթահեացի չէ:
Եթէ այդ քէօթահեացին հիմա դէմս ըլլար, ու ես անոր հարցնէի.
– Եթէ աղջիկ մըն ալ ունենայիր, ու ան սիրահարած ըլլար սեւամորթի մը, յօժար կամքովդ պիտի ձգէի՞ր, որ ամուսնանայ…
Վստահաբար քէօթահեացին պիտի ըսէր.
– Ի՞նչ… Ի՞նչ… Ես ըսածէդ բան չհասկցայ…
Պարզ հարցումս աւելի պարզօրէն պիտի կրկնէի:
Ու քէօթահեացին կասկածոտ նայուածք մը նետելով վրաս, փոխանակ պատասխանելու, պիտի հարցնէր.
– Ան չէ ամա, խելքդ գլո՞ւխդ է, թէ՞ թռցուցած ես…
Պիտի ըսէի.
– Ես չէ, սակայն եւրոպացի խմբագիր մը թէ՛ թռցուցած, թէ՛ փախցուցած է…
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
