Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ այսուհետեւ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը պիտի կատարուի միայն մէկ մրցումով եւ ոչ թէ երկու (երթուդարձ), ինչպէս նախապէս տեղի կ՛ունենար:
Փոփոխութեան ենթարկուեցաւ նաեւ մրցումին վայրը:
Այս տարի անիկա տեղի պիտի ունենայ ոչ թէ Սպանիոյ, այլ Մարոքի Թանժիր քաղաքին մէջ:
Տիտղոսին համար 12 օգոստոսին պիտի պայքարին Պարսելոնա եւ Սեւիլլա:
Երկու ակումբներուն պիտի տրամադրուի վեց հազարական տոմս, մինչ մնացեալ տոմսերը պիտի ծախուին մրցումին բոլոր անոր ներկայ գտնուիլ փափաքողներուն` համացանցի միջոցով, առցանց:
Ֆետերասիոնը այլ կարեւոր կէտ մըն ալ նշեց:
Նկատի ունենալով, որ մրցումը պիտի կատարուի երկրէն դուրս, ակումբները աւելի շատ նիւթական պարգեւ պիտի ստանան, քան ինչ որ կը ստանային, երբ անիկա կը կատարուէր Սպանիոյ մէջ:



