Պրազիլական Կրեմիօ ֆութպոլի ակումբի միջնապահ Արթուր Ռամոս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պարսելոնայի հետ, յայտնեց քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Անոր այս փոխանցումը արժեց 31 միլիոն եւրօ: Կրեմիօ յաւելեալ 9 միլիոն եւրօ ալ պիտի ստանայ, յաւելավճարներու ձեւով:
21 տարեկան ֆութպոլիստը իր նոր ակումբին հետ պիտի կնքէ 6 տարուան պայմանագրութիւն, իսկ անոր հրաժարագինը պիտի կազմէ 400 միլիոն եւրօ:



