Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ, Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ երէկ ի վերջոյ որոշեց, թէ ո՛ր ակումբին հետ պիտի շարունակէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Քանի մը շաբաթէ ի վեր շրջան ընող տարաձայնութիւնները վերջապէս ունեցան իրենց վերջակէտը, երբ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ 33 տարեկան Ռոնալտոյին նոր ակումբը պիտի ըլլայ Եուվենթուսը:
Իտալական ակումբը 2 տարուան ընթացքին Ռէալ Մատրիտին պիտի վճարէ 100 միլիոն եւրօ: Յաւելեալ 12 միլիոն եւրօ Եուվենթուս պիտի վճարէ Ռոնալտոյի նախորդ երկու ակումբներուն, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ռոնալտօ, որ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Եուվենթուսի հետ, յառաջիկայ շաբաթ պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 30 միլիոն եւրօ:



