Յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին Թուրքիան պէտք է մոռնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի` Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Քեթի Փիրի:
Թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Փիրի շեշտած է, որ հակառակ իրենց բազմաթիւ զգուշացումներուն` Թուրքիոյ իշխանութիւնները որեւէ քայլի չեն ձեռնարկած երկիրը Եւրոպական Միութեան պահանջներուն համապատասխանեցնելու համար:
«Մենք տակաւին անցեալ տարի յայտարարած էինք, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ առանց որեւէ սրբագրումի կեանքի կոչուին սահմանադրական վերջին փոփոխութիւնները, մենք Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ անդամակցութեան բանակցութիւնները դադրեցնելու կոչ պիտի ուղղենք: Եւ ցաւօք, հիմա եկած է ատոր ժամանակը: Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը չէ փոխուած, ցաւօք, Թուրքիոյ իշխանութիւնները նոյնպէս ոչինչ փոխած են: Մենք պէտք է ազնիւ ըլլանք եւ գիտակցինք, որ այդպիսի պայմաններու մէջ մեր յարաբերութիւնները չեն կրնար զարգանալ», ըսած է Փիրի` աւելցնելով, որ այսպիսի պայմաններու մէջ Թուրքիան առնուազն հինգ տարի պէտք է «մոռնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին»:
Նախապէս, Փիրի մեկնաբանելով 24 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած արտակարգ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւնները, նշած է, որ փաստացիօրէն վերցուեցաւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ոչ ժողովրդավարական միանձնեայ իշխանութեան ճամբուն վրայ գոյութիւն ունեցող վերջին արգելքը: Ան նաեւ ընդգծեց, որ կառավարման նախագահական համակարգը համապատասխան չէ եւրոպական արժէքներուն:



