ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Քաղաքականութեան մէջ բնական է, որ զանազան կուսակցութիւններ ունենան իրենց ընկերային ուղեգիծը` պաշտպանելով տուեալ դասակարգի մը շահերը:
Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին յառաջացած են զանազան գաղափարախօսութիւններ, ընկերաբանական եւ փիլիսոփայական տեսութիւններ, որոնք կ՛ընդգրկէին զրկուած դասակարգերու իրաւունքները` ամէն մէկ տեսութիւն առաջարկելով այդ իրաւունքները հետապնդել տարբեր ձեւերով:
Յաճախ տեսութիւնները կը ծառայէին զրկուած, ճնշուած եւ շահագործուած դասակարգին, քանի որ արդէն իսկ գոյութիւն ունէր այնպիսի ընկերային-տնտեսական համակարգ մը (մինչեւ օրս կը գոյատեւէ), որ կը ճզմէր աշխատաւորները եւ կը խլէր իրաւունքները բոլոր անոնց, որոնք սեփականատէր չեն արտադրական միջոցներու:
Ճարտարարուեստականացման առաջին օրէն իսկ արտադրական միջոցներու սեփականատէրերը ընդգրկուած էին քաղաքական ասպարէզին մէջ: Անոնք կը մշակէին այնպիսի օրինագիծներ, որոնք կը նպաստէին միայն իրենց անձնական հաստատութիւններուն ու կը զրկէին աշխատաւոր մեծամասնութիւնը:
Այս երեւոյթը դժբախտաբար մինչեւ օրս տիրական կը մնայ քաղաքականութեան մէջ, մանաւանդ` պահպանողական կուսակցութիւններուն մօտ: Առնենք, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութիւնը. անոր խմբակցութիւնը ծերակոյտին մէջ միշտ ալ դէմ կը քուէարկէ այն օրինագիծներուն, որոնք հսկողութեան կը միտին ենթարկել մեծ ընկերութիւնները, բարձր հարկեր պարտադրել դրամատուներուն, կամ որոնք դաշնակցային պետութեան հովանիին տակ կ՛առնեն առողջապահութիւնը: Դէմ քուէարկելու պատճառը յստակ է. անոնք չեն ուզեր հարկ վճարել, չեն ուզեր հասարակութեան շահը, այլ` միայն իրենց անձնական շահերը: Անձնական շահերու հասկացողութիւնը սկսաւ աւելի եւս լայն տարածում գտնել 1980-ականներուն, երբ մէջտեղ եկաւ նոր-ազատականութիւնը` իրեն հետ բերելով սեփականաշնորհման եւ ապահսկողութեան ալիքը, որուն հետեւանքները եղան սեփականատէրերու ագահութիւնն ու անբարոյականութիւնը հասարակութեան առջեւ:
Հայաստանի մէջ նոր-ազատականութիւնը մուտք գործեց խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք: Նոր-ազատականութիւնը, իբրեւ դրօշակիր սեփականաշնորհման, իրեն հետ ծնունդ տուաւ սեփականատէրերուն, որոնք նոր-ազատականութեան շնորհիւ` տարիներու ընթացքին հարստացան, իսկ արտադրական միջոցներու սեփականատէր չեղող խումբը աւելի եւս աղքատացաւ:
Հարցը հոն է, որ այդ սեփականատէրերը, որոնք զինուած են ագահութեան եւ անբարոյականութեան արժէքներով, մուտք գործեցին քաղաքական ասպարէզ: Անոնց մուտքը չէր բխեր հասարակութեան շահերէն, այլ` իրենց անձնական շահէն: Անոնց քաղաքականութիւնը հիմնուած էր յստակ հասկացողութեան մը վրայ` ՀԱՐՍՏԱՆԱԼ: Այդ հարստացումը պարտադրեց այդ ագահ եւ անբարոյ քաղաքական գործիչներուն կամ, աւելի ճիշդ, քաղաքականացած պիզնեսմեններուն, որ որդեգրեն ամէն միջոց, որ կը մերժէ հարստութեան արդար վերաբաշխումը հասարակութեան բոլոր անդամներուն:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, կառչած մնալով իր ընկերվարական սկզբունքներուն, Հայաստանի վերանկախացումէն ետք միշտ ալ յայտարարած է, որ ինք կ՛ուզէ պիզնեսը եւ քաղաքականութիւնը իրարմէ տարանջատել: Շատեր պիտի հարցնեն` ինչո՞ւ տարանջատում: Տարանջատում, որպէսզի երբ Ազգային ժողովի պատգամաւորը քուէարկէ նախագիծի մը, քուէարկէ հասարակ ժողովուրդի շահերէն մեկնած, այլ ոչ թէ` իր անձնական պիզնեսի: Տարանջատում, որպէսզի վերջ դրուի տնտեսական լծակներուն` պետական վարչական համակարգին մէջ: Տարանջատում, որպէսզի յստակօրէն պայքար մղուի ընդդէմ սակաւապետութեան եւ անոր առանձնաշնորհումներուն:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արմէն Բաբայեանի հրաժարումը իր պաշտօնէն ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արմենուհի Կիւրեղեանի կողմէ հետեւեալ կերպով ներկայացուեցաւ. «… Որոշած է ամբողջութեամբ զբաղուիլ պիզնեսով, եւ որպէսզի այլ ընկալում չլինի, թէ լինելով օրէնսդիրում` կը զբաղուի պիզնեսով, որոշել է վայր դնել պատգամաւորական մանդատը` դրանով ընդգծելով նաեւ օրէնսդիրի եւ պիզնեսի տարանջատումը»: Այս յայտարարութեան յաջորդեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին ելոյթը Ազգային ժողովին մէջ նոր կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ժամանակ, երբ ան նշեց հանրային իշխանութեան եւ պիզնեսի տարանջատման կարեւորութիւնը: Այսպիսով, Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ նոր փուլ մը սկսած կ՛ըլլայ` պայքար ընդդէմ այն ամբողջ փտածութեան, որ պատճառ դարձաւ համաժողովրդային շարժման սկզբնաւորման: Քաղաքականութեան եւ պիզնեսի տարանջատման նշանաբանը պէտք է յստակ ըլլայ մանաւանդ այն ուժերուն, որոնք կը դաւանին պահպանողականութիւնը եւ դրօշակիր են ազատ շուկայի տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ` բոլոր այն կուսակցութիւններուն, որոնց Ազգային ժողովին անդամակցող պատգամաւորները մաս կազմած են սեփականատէր խաւին կամ` մենաշնորհներու համակարգին մէջ բարձր դիրքեր գրաւած:
Եթէ Հայաստանը պիտի վերականգնի եւ զարգանայ, նախ եւ առաջ պէտք է որ պիզնըսն ու քաղաքականութիւնը տարանջատուին` առաջնահերթ նկատելով հասարակութեան շահը: Այսպիսով, հիմնական է պիզնեըսի եւ քաղաքականութեան տարանջատումը:


