Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Էլիաս Խազենի հետ եւ անոր ստանձնած պարտականութիւններուն համար յաջողութիւն մաղթեց: Խազեն այցելեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հիւսիսային Լիբանանի բարգաւաճման վերաբերող ծրագիրներ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ հարց տուաւ, թէ մինչեւ ե՞րբ լիբանանցին սպանութեան ենթակայ պիտի ըլլայ ապականումի եւ թունաւորումի մաֆիաներուն կողմէ: Ան կ՛ակնարկէր Մընիէ-Տըննիէ շրջանին մէջ բացայայտուած նեխած միսերու պահեստանոցին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ երէկ այցելեց Հերմել, ստուգելու համար Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան յատուկ դպրոցները: Ֆուշէ նշեց, որ դպրոցներու ստուգումին կողքին, այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ շրջանին, անոր հեղինակութիւններուն եւ հնութիւններուն:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման յայտնեց, որ որոշած են Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերուն թիւը աւելցնել ամրան ընթացքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ տնտեսական մակարդակի վրայ Լիբանանը ոտքի պահողը անոր դրամատնային մարզն է:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հարցերը ոսկեայ կշիռքով կը կշռէ` ի խնդիր արդարութեան:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Վայրկենական Եւ Կարծր Քայլերով Կը Սպառնան Ռուսիոյ

Յաջորդը

Զօր. Աուն Խտըրի Հետ Քննարկեց Պաալպեքի Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.