Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երկու Հիմնովին Տարբեր Բանաձեւեր Եւ Համատեղուող Մօտեցումներ

July 6, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանը կողմ քուէարկած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրին եւ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւին:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, վերջին զարգացումներուն, յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իշխանափոխութեան խաղաղ եւ սահմանադրական բնոյթը, կարեւոր նկատուած է Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու ներառական ընթացակարգի ապահովումը, ընդդիմութեան ներգրաւուածութիւնը բարեփոխումներու հոլովոյթին եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի յանձնարարականներու կատարումը: Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է հաւանական  ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու:

Բարձրացուած է նաեւ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հարցը:

Կարեւոր նկատուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ արագ լուծումը:

Ասոր զուգահեռ, Եւրոպական խորհրդարանը շարք մը պայմաններ ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրի կնքումին համար:

Եւրոպական խորհրդարանի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ապագայ համաձայնագիրը պէտք է ապահովէ հիմնական ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ ենթադրէ պայքար փտածութեան, դրամներու լուացման եւ հարկերէն խուսափելու դէմ: Առանցքային պայմաններէն մէկն է քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը:

Պարզ է քաղաքական ընթերցումը այս երկու լուրերուն: Նախ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ միաժամանակեայ ըլլալը անկախ օրակարգային ընթացակարգի տրամաբանութենէն  յստակ ուղերձ կը փոխանցէ: Բացի այս տարբերութենէն, ուղերձը Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղութեամբ դրական է ու քաջալերական, մինչ Պաքուի ուղղութեամբ` պայմանադրական, չըսելու համար բացասական: Յստակացնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան համապարփակ եւ ընդլայնուած փաստաթուղթը քաղաքական արժեհամակարգային եւ որոշ առումով տնտեսական բաղադրիչներ ունի, մինչ Ազրպէյճանի հետ կնքուելիք համաձայնագիրը հիմնականին մէջ տնտեսական բաժին ունի եւ յատկապէս ուժանիւթի խնդիրներու կը վերաբերի:

Այստեղ անշուշտ հիմնական դեր ունեցած են ազրպէյճանական լուացքատան կամ խաւիարային դիւանագիտութեան երեւոյթները, որոնք եւրոպական առումով նման իրաւաքաղաքական գնահատականին արժանացած են:

Ազրպէյճանին վերաբերող բանաձեւը այնքան պայմանադրական է, որ յստակօրէն ու բառացի կ՛ընդգծէ, որ ըմբռնողութեան համաձայնագիրը չի  կրնար ստորագրուիլ երկրի մը հետ, որ չի յարգեր եւ չի ճանչնար Եւրոպական Միութեան դաւանած հիմնական արժէքներն ու իրաւունքները:

Բայց հիմա կեդրոնանանք նաեւ արցախեան հակամարտութեան վերաբերող բանաձեւի հատուածին վրայ, այնտեղ յատկապէս լուսարձակի տակ առնելու այն հատուածը, ուր կը խօսուի պայմանական եւ ողջմիտ յանձնառութիւններու մասին` հակամարտութեան խաղաղ լուծում ապահովելու առաջադրանքով. մասնաւորաբար հրադադարի յարգումի, ԵԱՀԿ-ի 2009-ի հիմնական սկզբունքներու իրականացման եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ճիգերուն սատարելու առումներով: Բանաձեւը քննադատական տող վերապահած է նաեւ ռազմականացման համար անհամեմատ ուռճացող պիւտճէի երեւոյթին:

Երբ համաձայնագիրի վաւերացման գործընթացը պայմանադրական շեշտադրումներով կը բանաձեւուի, նախապայմանային սկզբունքները այս պարագային քաղաքական ընթերցումով կ՛ընդհանրացուին եւ չեն սահմանափակուիր միայն Եւրոպական Միութեան դաւանած ընդհանուր արժէքներով եւ իրաւունքներով: Այստեղ արդէն ակնկալութիւնը հրադադարի յարգումն է եւ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափով ձեռնարկուած բանակցային, մշտադիտարկային թէ հետաքննական գործողութիւններու ամբողջական աջակցութիւնը:

Անկախ դէպի հայկական կողմը դրական-քաջալերական եւ դէպի ազրպէյճանական կողմը բացասական-պայմանադրական բանաձեւային ուղերձներ յղելէ, կայ դիտարկելի կարեւոր երեւոյթ:

Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման համար կիրարկուող եղանակներուն, հրադադարի յարգումին, բացառապէս խաղաղ լուծման եւ ԵԱՀԿ-ի գործողութիւններուն սատար կանգնելու մօտեցումներուն միջեւ յստակօրէն կ՛ընդգծուի Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական խորհրդարան մօտեցումներու համատեղելիութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Նշեց Սահմանադրութեան Օրը. Նախագահ Սարգսեանն Ու Վարչապետ Փաշինեանը Շնորհաւորեցին Հայ Ժողովուրդը

Յաջորդը

ՖԻՖԱ-ն Քննադատեց Մարատոնան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.