Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Եւ Կանանց Կազմակերպութեան Ժողովներուն

July 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ 26-27 յունիս 2018-ին ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնին մէջ: Ժողովին ներկայ էին Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններ եւ հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերը:

Ժողովականները քննարկեցին երեք գլխաւոր նիւթեր` «Ընկերվար ժողովրդավարութեան ներդրումը հակամարտութիւններու լուծման եւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան մէջ», «Յաղթահարել աշխարհի դիմագրաւած ժողովրդավարութեան մարտահրաւէրները` ապահովելու համար բոլորի ազատութիւններն ու իրաւունքները» եւ «Մեր արժէքներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան արձագանգել համաշխարհային գաղթին եւ գաղթականներու ներկայ վիճակին»:

Վերա Եագուպեան (ձախ) եւ Մարիօ Նալպանտեան (աջ) Անկոլայէն Յուլիոս Մաթէուս Փաուլոյի եւ Իտալիայէն Փիա Լոկատելլիի հետ

Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը` բաղկացած Ընկերվար միջազգայնականին մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանէ եւ Ընկերվար միջազգայնականի Կանանց կազմակերպութեան մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեանէ:

Ժողովի բացումին խօսք առին Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա, ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի ընդհանուր քարտուղար Մայքըլ Մոլլեր եւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէու:

Խորհուրդի նիստին նախորդող օրերուն տեղի ունեցած էր Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցած էր Մ. Նալպանտեան` իբրեւ կազմակերպութեան փոխնախագահներէն մէկը: Ան նաեւ մասնակցած էր կազմակերպութեան ֆինանսական եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ժողովին:

Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը որդեգրեց շարք մը բանաձեւեր, որոնց շարքին` մէկական բանաձեւ քիւրտ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն մասին:

Ժողովի վերոյիշեալ օրակարգին տակ Մ. Նալպանտեան խօսք առնելով յայտնեց, որ Հայաստան եւ իր ժողովուրդը վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ցոյց տուին հասուն ժողովրդավարութեան ըմբռնում եւ գործընթաց: Ան հաստատեց, որ Հայաստանը տակաւին կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, ինչպէս` իրաւական պետութեան, տնտեսական զարգացման եւ ընկերային արդարութեան հաստատումը: Նալպանտեան աւելցուց, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները եւ խորհրդարանական վարչաձեւի հաստատումը երաշխաւորեցին երկրին մէջ քաղաքական տագնապին հեզասահ եւ խաղաղ լուծումը:

Իսկ 28-29 յունիս 2018-ին, Վերա Եագուպեան մասնակցեցաւ Կանանց Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովին, ուր քննարկուեցաւ «2030-ին 50-50 աշխարհի համար: Մեծ մարտահրաւէրներ» օրակարգը:

Ժողովներու ընթացքին, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ այլ պատուիրակութիւններու հետ:

Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստին առիթով հրապարակուեցաւ նաեւ կազմակերպութեան նախորդ` 2017-ի նոյեմբերի խորհուրդի նիստէն ի վեր կազմակերպութեան տարբեր կառոյցներու աշխատանքի եւ յայտարարութիւններու մասին ամբողջական փաստաթուղթ մը: Այդ փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած է նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւ ծովու շրջանային յանձնախումբի մասին լրատուութիւնն ու յանձնախումբի յայտարարութիւնը: Այդ ժողովը գումարուած էր մայիս 25-26-ին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: ՀՅԴ-ի կողմէ այդ ժողովին մասնակցած էին յանձնախումբի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ  Մանոյեանը: Ժողովին ընտրուած էր յանձնախումբի նոր նախագահութիւն, եւ ՀՅԴ-ն թեկնածու չէր առաջարկած: Յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ մէկ պարբերութեամբ անդրադարձ կայ Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւններուն: Յանձնախումբի յայտարարութիւնը այդ մասին կ՛ըսէ. «Հայաստանի մէջ կացութեան վերաբերեալ, յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովրդային շարժումին եւ գնահատեց բոլոր կողմերը` տեղի ունեցած խաղաղ իշխանափոխութեան համար, յոյս յայտնելով, որ գործընթացը շարունակուի հիմնուած երկրի սահմանադրութեան վրայ: Յանձնախումբը զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, պետական կառավարումը բարեփոխելու իր հետեւողական ջանքին համար, որուն նպատակն է խորհրդարանական համակարգի հաստատումը, ուր իշխանութեան երեք թեւերուն` օրէնսդիրին, գործադիրին եւ արդարադատութեան միջեւ լիազօրութիւններու բաժանումը ամբողջական է: Այս տեսանկիւնէն, յանձնախումբը կը զօրակցի իր անդամ կուսակցութեան` անօրէն մենաշնորհներու եւ փտածութեան դէմ, ինչպէս նաեւ ի նպաստ ընկերային արդարութեան, խորհրդարանական ընդդիմութեան յաւելեալ լծակներուն, աւելի ապակեդրոնացած կառավարման համակարգի եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ աւելի բաց, թափանցիկ եւ հաշուետու կառավարման համար պայքարին մէջ»:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Արցախի Մէջ Հայաստանի Ոստիկանութեան Ներքին Զօրքերու Հաւանական Տեղակայումը Կը Նկատէ «Զինուորական Արկածախնդրութիւն»

Յաջորդը

ՀՅԴ Տասը Առաջարկները` Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Վերաբերեալ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.