Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին խուզարկութիւններ կատարած է Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր` Ալեքսանտր Սարգսեանի տան մէջ: Ժամանակ մը անց, ԱԱԾ աշխատակիցները Ալեքսանտր Սարգսեանը եւ անոր որդին` Հայկ Սարգսեանը խուզարկութեան վայրէն տեղափոխած են ԱԱԾ-ի կեդրոն:



