Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Տնտեսական ազգային ծրագիրին մանրամասնութիւններուն:
Այդ ներկայացումը կատարեցին տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի եւ ծրագիրը պատրաստած «Մըքքենզի» տնտեսական խորհրդատուական ընկերութիւնը ներկայացնող խմբակը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, նախագահի խորհրդատու Միրէյ Աուն Հաշեմ, Ծոցի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու հարցով նախագահ Աունի խորհրդատու Ֆատի Ասալի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տնտեսական հարցերու խորհրդական Նետիմ Մունլա:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանեան բոլոր քաղաքական ուժերուն մէկ մարդու պէս գործելու` իրականացնելու համար Տնտեսական ազգային ծրագիրի նպատակները, որոնք իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան երկրին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի վերաբերող բոլոր հարցերուն վրայ, որոնցմէ կը տառապին լիբանանցիները:
Նախագահ Աուն ըսաւ, թէ այս ծրագիրը ամբողջական եւ համապարփակ տեսլական մը կը ներկայացնէ երկրին արդիւնաբերական տարբեր մարզերուն մասին, ինչպէս նաեւ առիթներ կը ստեղծէ բարելաւելու երկրին տնտեսութիւնը` անոր մէջ իրագործելով բարեկարգումներ:
Նախագահ Աուն գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք նպաստեցին այդ ծրագիրին եւ տնտեսական տեղեկագիրներուն պատրաստութեան, ըլլան անոնք սեփական եւ պետական մարզը ներկայացնող պատասխանատուներ, թէ ակադեմականներ:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան իր տնտեսական մարզով եւ երիտասարդ ուժով կրնայ արտաքին ներդրումներու յարմար վայր մը ըլլալ:
Իր կարգին, Խուրի տնտեսական տեղեկագիրն ու հետազօտութիւնը ներկայացնելէ ետք շեշտեց, որ անիկա պիտի ներկայացուի նաեւ վարչապետ Հարիրիին, որպէսզի վաւերացուի նոր կառավարութեան կողմէ` կազմուելէն անմիջապէս ետք:
Իր կարգին, Խուրի նշեց, որ «Մըքքենզի» տնտեսական խորհրդատուական ընկերութիւնը կատարեալ բծախնդրութեամբ եւ յանձնառութեամբ աշխատած է այդ ծրագիրի պատրաստութեան համար:
Ան նշեց, որ «Մըքքենզի» ընկերութիւնը հանդիպումներ ունեցած է պետական եւ սեփական մարզերու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ակադեմականներուն հետ, որպէսզի անոնց փորձառութիւնը եւս ներառէ երկրին տնտեսական բարգաւաճումին իրագործման մէջ:
Խուրի յայտնեց, որ յառաջիկայ փուլին Լիբանանի մէջ պիտի շարունակուին տնտեսական բարգաւաճման եւ բարեկարգումներու յատուկ հանդիպումներն ու ծրագիրները, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ տնտեսական վերջնական ծրագիրին, որով կարելի է բարելաւել տնտեսութիւնն ու անոր արդիւնաբերական ներուժը:
Ապա Խուրի ամփոփ ներկայացումը կատարեց «Մըքքենզի» ընկերութեան պատրաստած երկու հազար էջ հաշուող հետազօտութեան` աւելցնելով, որ նախորդ վեց ամիսներուն ընթացքին իրենց կատարած այս աշխատանքին մասին տեղեակ պահած են քաղաքական ուժերը, եւ երկրին յաջորդ կառավարութիւնն է, որ պիտի վաւերացնէ Տնտեսական ազգային ծրագիրը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ շեշտեց, որ նախագահ Աունի մօտ շօշափած է Լեռնալիբանանի միասնականութեան նկատմամբ յանձնառութիւն մը` աւելցնելով, որ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Լեռնալիբանանի միասնականութեան նկատմամբ հանրապետութեան նախագահին նախանձախնդրութիւնը մեծապէս գնահատելի է:
Ան նշեց, որ «թէեւ ընկերային ցանցերուն վրայ արձանագրուած կեցուածքներն ու տեսակէտները կարելի չէ հակակշիռի տակ առնել, սակայն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան անդամներէն եւ համակիրներէն կը խնդրեմ այդ ցանցերուն վրայ կիրքերու հրահրումները նուազեցնել»:
Ժոմպլաթ գնահատեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները հանդարտ եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ կայացնելու փաստը:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է ընդհանուր լիբանանեան հարցեր` առանց անդրադառնալու կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին:




