Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան կազմութիւնը` նշելով, որ քաղաքական ուժերէ կազմուելիք կառավարութեան համար ամէնէն կարեւորը անոր քաղաքականութեան շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնն է, որպէսզի ան իր ազդեցութիւնը ունենայ նաեւ երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն վրայ:
Խորհուրդը նշեց, որ կառավարութեան կազմին մէջ նկատի առնուելիք նախարարները կրնան անպայման քաղաքական անձնաւորութիւններ չըլլալ, այլ` ատակ փորձագէտներ:
Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ Լիբանանի տնտեսական համակարգը մեծապէս տուժած է լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն բախումներուն եւ տարակարծութիւններուն պատճառով` աւելցնելով, որ երկրին տնտեսական հիմքերուն ամրապնդումը աշխատանք ու ճիգ կ՛ենթադրէ:
«Կառավարութեան կազմութեան ուշացումը արգելք պիտի հանդիսանայ երկրին տնտեսութեան աշխուժացումին, որ իր կարգին պիտի դրսեւորուի տնտեսական ու ելեւմտական կայունութեան խախտումով», շեշտեց խորհուրդը:
Մարոնի եպիսկոպոսները քննարկեցին նաեւ լիբանանեան քաղաքացիութեան շնորհումին յատուկ թղթածրարն ու դատապարտեցին այդ իմաստով արձանագրուած օրինազանցութիւնները եւ լիբանանեան ազգային համերաշխութեան վրայ անոր ունենալիք ժխտական ազդեցութիւնները:
Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը տունդարձի ճամբով լուծելու մասին խօսելով, մարոնի եպիսկոպոսները նախ եւ առաջ անհրաժեշտ նկատեցին յանգիլ տունդարձի ազգային համապարփակ ծրագիրի մը, որուն մասին պէտք է իմանան շրջանային եւ միջազգային հեղինակութիւնները: Իսկ երկրորդ, անոնք կարեւոր նկատեցին, որ միջազգային կազմակերպութիւնները օժանդակեն տեղահանուածներու տունդարձի հոլովոյթին:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ցաւ յայտնեց Պեքաայի մէջ տիրող մթնոլորտին համար` ապահովական խախտումներուն եւ զինեալ բախումներուն գծով: Խորհուրդը նշեց, որ այս իրավիճակը լիբանանցիին համար ամօթալի է եւ պէտք է լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը պարտադրուի այդ շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը երաշխաւորուի:
Մարոնի եպիսկոպոսները հիմնական մտահոգութիւն յայտնեցին ուսուցիչներուն ստանալիք աշխատավարձի յաւելումներուն գծով` հաստատելով, որ այդ պատճառով կրթաթոշակները պիտի սղին, եւ հաւանաբար մեծ թիւով աշակերտներ լքեն դպրոցական իրենց նստարանները: Այս շրջագիծին մէջ անոնք լիբանանեան պետութենէն պահանջեցին ստանձնել յաւելումները հոգալու պատասխանատուութիւնը` օժանդակելով դպրոցներուն եւ ծնողներուն:



