Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆաթհալի. «Լիբանանի Մէջ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութեան Տարիներս Ամէնէն Աւելի Կը Խօսին Սրտիս»

July 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի Լիբանանի մէջ դիւանագիտական իր առաքելութիւնը աւարտելու առիթով ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին նշեց, որ ինք երկու տասնամեակէ ի վեր իր երկրին դիւանագիտական ներկայացուցչութեամբ կը զբաղի` հաստատելով, որ այդ առաքելութենէն ամէնէն աւելի Լիբանանի մէջ իր ծառայութեան օրերն են, որոնք սրտին կը խօսին:

Ֆաթհալի հաստատեց, որ ինք Միջին Արեւելքի եւ շրջանին հարցերը հետապնդելով պիտի շարունակէ զբաղիլ` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր ստանձնելիք նոր պաշտօնին ընդմէջէն:

Ֆաթհալի աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ Իրանի նոր դեսպան նշանակուած է Ժալալ Վերոզնիան, որուն Լիբանան ժամանումը մօտալուտ է:

Ֆաթհալի շեշտեց, որ Լիբանան իւրայատուկ է եւ արտակարգ, այն իմաստով, որ անիկա ո՛չ միայն Իսրայէլը պարտութեան մատնած Դիմադրութեան երկիր է, այլեւ անոր համար, որ լիբանանցիները լաւ գիտեն շրջանցել տագնապները, հակառակ երկիրը շրջապատող դժուար պայմաններուն:

Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ իր յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆաթհալի շեշտեց, որ ոմանք ինչ որ իրենց մտքէն կ՛անցնի կրնան իրագործել եւ այս առանցքէն միւսը կրնան ցատկել:

Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները իրենց անկեղծ արտայայտութիւնը կատարեցին երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին` աւելցնելով, որ իրենք միշտ կը զօրակցին քուէատուփերուն արդիւնքներուն, ո՛ւր որ ալ ըլլան, եւ ի՛նչ որ ալ ըլլայ արդիւնքը:

Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆաթհալի հաստատեց, որ հարաւային Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները բացառիկ յաջողութեամբ կ՛ընթանան` յոյս յայտնելով, որ հարաւային Սուրիոյ մէջ մօտիկ ապագային ահաբեկիչներուն գոյութիւնը վերջ կը գտնէ:

«Սակայն տակաւին առկախ կը մնայ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը` նկատի ունենալով, որ ամերիկացիները իրենց հակակշիռը կը բանեցնեն ՄԱԿ-ի եւ քաղաքական լծակներուն վրայ, իսկ անոնց դիմաց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ու անոր դաշնակիցները` Ռուսիա եւ Իրան ամբողջ ուժով կը պայքարին անոնց դէմ:

Ֆաթհալի շեշտեց, որ Իրան եւ Ռուսիա դարաւոր թշնամիներ են եւ անոնց յարաբերութիւնները արմատաւորուած է պատմութեան մէջ: Ան աւելցուց, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու գծով Ռուսիա վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցած է:

Ֆաթհալի շեշտեց, որ Լիբանանին սպառնացող հիմնական վտանգը ներքին լիբանանեան սադրանքներու հրահրումն է` աւելցնելով, որ շրջանային մակարդակի վրայ վտանգ սպառնացող հիմնական հարցը սիոնականութեան հետեւորդ եւ ներկայացուցիչ ահաբեկիչներն են, որոնց աւարտը մօտիկ ապագային պիտի վկայեն բոլորը:

Ֆաթհալի հաւանական նկատեց, որ ամերիկացիները Սուրիայէն մօտիկ ապագային հեռանան` աւելցնելով, որ անոնք պատրաստ չեն յաւելեալ գումարներ ներդրելու այդ պատերազմին, սակայն անոնք կը փափաքին, որ պատերազմը շարունակուի Ծոցի երկիրներուն տրամադրելիք գումարներով:

Իրանեան իրադարձութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով Ֆաթհալի յայտնեց, որ ժողովրդային շարժումներուն պատճառը տնտեսական տագնապն է, սակայն ամերիկեան ճիգերը կը միտին զանոնք այլ ուղղութեամբ տանիլ, ինչ որ պիտի ձախողի` իրանցիներուն գիտակցութեան շնորհիւ:

Ֆաթհալի հարցազրոյցը եզրափակեց ընդգծելով, որ իրեն համար ամէնէն ուրախալի իրադարձութիւնը այն էր, որ Լիբանան յաղթեց սիոնական եւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն ու անոնց ահաբեկչութեան` հիմնուելով «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազին վրայ:

 

Նախորդը

Ռիչըրտ. «Լիբանանեան Պետականաշինութեան Աշխատանքին Մեր Զօրակցութիւնը Պիտի Շարունակենք»

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. Կառավարութեան Կազմութեան Ուշացումը Արգելք Պիտի Հանդիսանայ Երկրին Տնտեսութեան Աշխուժացումին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.