«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յառաջանալով այժմ կը գտնուի Յորդանանի հետ սահմանին վրայ` Նուսէյպ անցակէտէն միայն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Սուրիական բանակը իր յառաջխաղացքը շարունակելով իր վերահսկողութեան տակ առաւ Տարաա նահանգի շուրջ 60 առ հարիւրը:
Մինչ այդ, մարդասիրական օժանդակութեամբ ու դեղորայքով բեռնաւորուած ինքնաշարժներ մուտք գործեցին այն գիւղերն ու գիւղաքաղաքները, որոնք միացած էին Տարաայի գիւղական շրջանին մէջ հաշտութեան երթին:
Միւս կողմէ, սուրիական կառավարութիւնը պատերազմի պատճառով երկրէն հեռացած իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց վերադառնալու իրենց տուները` նկատի ունենալով, որ շրջաններու մեծամասնութիւնը ազատագրուած է ահաբեկիչներէն:



