Ինչպէս ծանօթ է, կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, 6-8 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին:
Լիբանանի այս ռելին, Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանն է:
Այս ռելիին մրցանիշը կը պատկանի Ռոժէ Ֆըղալիի, որ անոր ախոյեանի տիտղոսին տիրացած է 13 անգամ (մրցանիշ մը): Արաբական Միացեալ Էմիրութենէն Մոհամետ Պըն Սլայյեմ այդ տիտղոսին տիրացած է չորս անգամ, իսկ լիբանանցի Ժան-Փիեռ Նասրալլա` երեք անգամ:
Այս ռելիին գծով իրենց կատարած պատրաստութիւններուն վերաբերեալ շարք մը վարորդներ ուրբաթ, 6 յուլիսին «Վիլաճիօ» համալիրին մէջ (Մըրուժ) պիտի տան յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:
Այդ վարորդներուն կարգին պիտի ըլլան լիբանանցիներ Ռոժէ Ֆըղալի, Ռուտոլֆ Ասմար, Էտի Ապու Քարամ, Փաթրիք Նըժէյմ, Չեխիայէն Ֆուժթիք Սթաժեվ, քաթարցի Նասեր Սալահ Աթիէ եւ քուէյթցի Մըշարի Զաֆիրի:


