Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտ 1-ի Իրադարձութիւններուն Հարցով Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախկին Նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը Կալանաւորուած Է

July 4, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռոպերթ Քոչարեանը` Հարցաքննութեան Կանչուած

1-2 մարտ 2008-ի ինկած ժամանակահատուածին Երեւան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ քրէական գործով նախաքննութիւնը կատարող քննչական խումբի ղեկավարին կողմէ 3 յուլիս 2018-ին քրէական գործ յարուցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի Ա. մասի յատկանիշներով` Հայաստանի Հանրապետութեան գործադիր մարմինի ղեկավար անձի` պաշտպանութեան նախարարի եւ այլ անձերու կողմէ 23 փետրուար 2008-էն մինչեւ նոյն թուականի 2 մարտի ժամանակահատուածին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը բռնութեամբ տապալելու դէպքին առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն Յատուկ քննչական ծառայութեան լրատուական ծառայութենէն:

Քրէական գործը միացուած է 1-2 մարտ 2008-ին  տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ քննուող քրէական գործին:

Նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ` 3 յուլիս 2018-ին, որոշում տրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախկին նախարար, զօրավար-գնդապետ Միքայէլ Յարութիւնեանը Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի Ա. մասով իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւելու` այն բանին համար, որ ան, այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ, տապալած է սահմանադրական կարգը:

Մեղադրեալ Մ. Յարութիւնեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում, անոր նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կալանաւորումը կիրարկելու վերաբերեալ միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Ըստ Armtimes.com-ի  տեղեկութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը նոյն հարցով հրաւիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Յատուկ քննչական ծառայութիւն` հարցաքննութեան. անոր ծանուցագիր ուղարկուած է:

«Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիկտոր Սողոմոնեան յայտնեց, որ երկրորդ նախագահը ծանուցում չէ ստացած:

 

 

Նախորդը

Ձերբակալուած Է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէն Արա Վարդանեան

Յաջորդը

Հանդիպում` ՀՅԴ-ի Եւ Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Ընկերվարական Խմբակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.