Աւստրիան 1 յուլիսին դարձած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահող երկիր: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց մտադիր է Եւրոպական խորհուրդի նախագահութեան կարելիութիւնը օգտագործել «Եւրոպական Միութեան մէջ կամուրջներ կառուցելու, Եւրոպայի մէջ լարուածութեան թուլացման եւ Եւրոպական Միութեան ամրապնդման համար»:
Յառաջիկայ կէս տարուան համար նախատեսուած առաւել նշանակալի նիւթերը պիտի ըլլան Եւրոպական Միութեան ներգաղթի քաղաքականութիւնը, միութեան ապագայ պիւտճէն, «Պրեքզիթ»-ը եւ պալքանեան պետութիւններուն հետ յարաբերութիւնները:
Աղբիւրը կը նշէ, թէ Աւստրիոյ վարչապետը կը զօրակցի գաղթականներուն նկատմամբ կարծր քաղաքականութեան եւ մտադիր է զգալիօրէն կրճատել Եւրոպա ժամանող ներգաղթեալներուն թիւը:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահող երկիրը կ՛ընտրուի վեց ամիսով: Աւստրիան կու գայ փոխարինելու Պուլկարիան:
1 յունուար 2019-ին Եւրոպական խորհուրդի նախագահող երկիրը պիտի դառնայ Ռումանիան:



