Ուրբաթ, 29 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի միջմասնաճիւղային հաւաքը հիւրընկալեց Համազգայինի «ԱՅԳ» երիտասարդական երգչախումբի և ժողովրդական նուագախումբի խումբ մը անդամներ, որոնք ԼԵՄ-ականներուն հետ ունեցան համերգային հանդիպում մը, որուն ընթացքին կատարեցին շարք մը հայրենասիրական եւ ժողովրդային խմբերգներ:
Երգչախումբի հիմնադիր ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը յայտնեց, որ այս տարի երգչախումբի հիմնադրութեան 10-ամեակն է, եւ այդ առիթով երգչախումբը սկսած է պատրաստել «Սէր եւ կռիւ» համերգային յայտագիրը` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին:
Զաքար Քէշիշեանը ըսաւ, որ «ԱՅԳ» երգչախումբը իր տարեկան երգահանդէսներով եւ զանազան ձեռնարկներու մասնակցութեամբ կը միտի տարածել որակեալ հայ թէ օտար երգացանկեր: Երգչախումբը ունի իր ընկերային մթնոլորտը, որ գրաւականն է իր յաջողութեան:
Զաքար Քէշիշեանը զեկուցեց, որ «ԱՅԳ» երգչախումբը յաճախ ճամբորդութիւններ կը կատարէ` հայ երգարուեստը տարածելու համար Լիբանանի սահմաններէն դուրս ալ: Ցարդ երկու անգամ Կիպրոսի և մէկ անգամ Հայաստանի մէջ տրուած երգահանդէսները յիշարժան կը մնան ե՛ւ «ԱՅԳ»-ականներուն, ե՛ւ ունկնդիրներուն համար:
ԼԵՄ-ականները երկարատեւ ծափահարութիւններով ողջունեցին «ԱՅԳ»-ի փունջ մը երգերը եւ առիթ ունեցան ունկնդրելու անխաթար հայ երգ ու երաժշտութիւն:




