Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարսէյի Մէջ Կատարուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի Յուշակոթողի Բացումը

July 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի հարաւային շրջանի Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի եւ Մարսէյի 6-րդ եւ 8-րդ շրջաններու քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ` 23 յունիսին, Մարսէյի Սողոմոն Թեհլիրեանի անունը կրող հրապարակին վրայ բացումը կատարուեցաւ Թեհլիրեանի յուշակոթողին, որուն հեղինակը Թաւիթ Եուզանն է:

Ձեռնարկին ներկայ էին Մարսէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Ռուբէն Խարազեան, 4-րդ եւ 5-րդ շրջանի քաղաքապետ Մարին Փուսթոլինօ, Շրջանային խորհուրդի նախագահի ներկայացուցիչը, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ եւ ուրիշներ:

Ըստ «Նոր Յառաջ»-ի, բացման եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ շրջանի քաղաքապետ Իվ Մորեն, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի հարաւային շրջանի երիտասարդ նախագահ Օռելի Փրիւնա: Վերջինս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, Պերլինի դատարանի յունիս 1921-ի Սողոմոն Թեհլիրեանը անմեղ յայտարարող վճիռին: Իր խօսքի աւարտին բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Աշխէն Յարութիւնեան, որ 2017-ին, Քանի յուշահամալիրին կազմակերպած «Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու 28-րդ միջազգային մրցում»-ին յաղթող ճանչցուած էր:

Ապա ելոյթ ունեցաւ քաղաքապետ Իվ Մորեն, որ նոյնպէս խօսեցաւ Պերլինի դատարանի վճիռին մասին` շեշտելով, որ անիկա իրաւական հիմքեր ստեղծեց Լեմքինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրի յառաջացման եւ Նիւրնպերկի դատավարութեան համար: Քաղաքապետը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ այսօրուան իրավիճակին` նշելով, որ եթէ մարդիկ անցեալը մոռնան, ապա պատմութիւնը, ինքնաբերաբար, պիտի կրկնուի:

Յուշակոթողի բացման արարողութենէն ետք պատանիներու երգչախումբը կատարեց Ֆրանսայի եւ Հայաստանի քայլերգներն ու յեղափոխական երգեր:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Հապերթիւրք»-ի. Էրտողան Մտադիր Է Նոր Կառավարութեան Մէջ Ներառել Տարօն Աճեմօղլուն

Յաջորդը

Արամ Մանուկեանի Արձանի Պաշտօնական Բացումը Չեղեալ Նկատելը Անխոհեմ Քայլ Պիտի Ըլլայ

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.