Թուրքիոյ մէջ կը բարեկարգուին եւ կը կուպրապատուին Հայաստանի սահմանի երկայնքին երկարող ինքնաշարժի ճամբաները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Իգտիրի նահանգապետարանին:
«Իրանի, Նախիջեւանի եւ Հայաստանի սահմանի երկայնքին երկարող ինքնաշարժներու լեռնային ճամբաներուն մեծ մասը կը բարեկարգուի: Անոնք համապատասխան պիտի դառնան եւրոպական չափանիշներուն: Ներկայիս բարեկարգուած է արդէն 899 քիլոմեթր երկարութեամբ տարածք», գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Իգտիրի նահանգապետ Էնվեր Ունլիու:
Ան շեշտած է, որ բարեկարգուած են նաեւ Արարատ լերան ստորոտով անցնող նախապէս դժուարանցանելի ճամբաները:
Նախապէս թրքական մամուլին մէջ տարածուած էին լուրեր, թէ Թուրքիան կը պատրաստուի պատ կառուցել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սահմանին վրայ:
Աւելի ուշ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարած էր, թէ Հայաստանի հետ պետական սահմանին վրայ առայժմ պատ պիտի չկառուցուի, սակայն անվտանգութեան նկատառումներէն մեկնելով` սահմանային գօտին պիտի համալրուի ելեկտրոնային նոր սարքաւորումներով:



