Եւրօ-2012-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը Քոփենհակընի մէջ 90-64 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց դաշտին տիրոջմէն` Դանիայէն:
Երթի մրցումին եւս Հայաստան Երեւանի մէջ պարտուած էր նոյն իր մրցակիցէն` 78-71 արդիւնքով:
Բ. խմբակին մէջ, Հայաստան, որ այժմ կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ, այսպիսով պարագլուխի դիրքը գրաւելու իր յոյսերը վերջնականապէս կորսնցուց:
Նիքշա Փաւցեւիչի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, իր կատարած նախորդ երկու այլ մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց Ալպանիոյ դէմ:



