Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի հարցերու պետական նախարար Ալիսթեր Պըրթը, որուն յայտնեց, թէ ինք նոր կազմուելիք կառավարութեան հետ պիտի աշխատի ի խնդիր երկրին տնտեսական բարգաւաճման եւ վարչական բարեկարգումներուն, ինչպէս նաեւ պիտի պայքարի փտածութեան դէմ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանան փոխադրել այնպիսի կացութեան, ուր կարենայ լաւագոյնս օգտուիլ «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովի արդիւնքներէն:
Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը եւ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:
Ան ընդգծեց Բրիտանիոյ հետ տնտեսական աւելի սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն մշակելու կարեւորութիւնը եւ բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: «Պէտք է ստեղծել տնտեսական խորունկ յարաբերութիւններ` երկու երկիրներուն միջեւ ներդրումներու կարելիութիւնները աշխուժացնելու եւ առեւտրական կապերը բարելաւելու առումով», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի առաջնահերթութիւնները ճշդող տնտեսական ծրագիրի նախապատրաստական աշխատանքներուն` շեշտելով, որ անիկա պիտի ընդգրկէ բարգաւաճման ծրագիրները, որոնց գործադրութեան մասին խօսուած է «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրթին` Բրիտանիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին մատուցուած օժանդակութիւններուն համար, յատկապէս Լիբանան-Սուրիա սահմաններու հսկողութեան յատուկ աշտարակներուն համար: Ան խնդրեց Բրիտանիոյ օժանդակութիւնը` կասեցնելու Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութիւնները, հաստատելով, որ Լիբանան կը յարգէ զինադուլը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը: «Բայց եւ այնպէս Լիբանան ստիպուած պիտի ըլլայ ինքնապաշտպանութեան դիմել, եթէ Իսրայէլ անոր դէմ որեւէ յարձակում սանձազերծէ», շեշտեց նախագահ Աուն:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու գոյութեան եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքներուն, յատկապէս տնտեսական իմաստով:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ հակառակ իր դիմագրաւած տնտեսական լուրջ կացութեան, Լիբանան կը շարունակէ հիւրընկալել տեղահանուածները` աւելցնելով, որ Լիբանան միաժամանակ կը շարունակէ կոչ ուղղել միջազգային ընտանիքին` տեղահանուածներու տունդարձը դիւրացնելու նպատակով:
Նախագահ Աուն ակնարկեց փոքրաթիւ քանակով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը ցուցանիշ է, որ մեծ թիւով տեղահանուածներ կը փափաքին իրենց հայրենիքը վերադառնալ:
Ան հերքեց բոլոր այն տեղեկութիւնները, թէ տեղահանուածները բռնի ուժով կը փոխադրուին Սուրիա` հաստատելով, որ անոնք կամովին տունդարձ կը կատարեն:
Իր կարգին, Պըրթ շնորհաւորեց նախագահ Աունը` Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կայացնելու առնչութեամբ` հաստատելով, որ Բրիտանիա կը փափաքի երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը շարունակել, եւ յատկապէս լիբանանեան բանակին օժանդակութեան ընթացքը պահել:
Պըրթ մաղթեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմուի, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անոր առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւումը:
Ան շեշտեց, որ Բրիտանիա իր օժանդակութիւնները ներկայացուց Լիբանանի տնտեսական բարգաւաճման նպատակով գումարուած «Սետր»-ի խորհրդաժողովին` աւելցնելով, որ Լոնտոն յանձնառու կը մնայ իր խոստացած բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան:
Պըրթ Բրիտանիոյ եւ միջազգային ընտանիքին անունով մեծապէս գնահատեց Լիբանանի կողմէ սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումը եւ հասկացողութիւն ցուցաբերեց անոր իբրեւ արդիւնք Լիբանանի կրած տնտեսական ծանր բեռին համար:



