21 յունիս 2018-ին Լիբանանեան համալսարանի Կեդրոնական խորհուրդի թիւ 989/13 որոշումով եւ համալսարանի նախագահ փրոֆ. Ֆուատ Այուպի ստորագրութեամբ, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան ստացաւ փրոֆեսէօրի աստիճան` դառնալով առաջին հայ դասախօսը, որ Լիբանանեան համալսարանի Իրաւաբանութեան եւ քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքէն կը ստանայ այս աստիճանը:
Փրոֆեսէօրի աստիճանը ստանալու համար` դոկտորական աստիճանը ստանալէ եւ ուսուցման որոշ տարիներու փորձառութենէն ետք, դասախօսը պէտք է ներկայացնէ շարք մը ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը քննարկուին ու կ՛արժեւորուին մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբերու կողմէ:
Դոկտ. Պայրագտարեան իր դոկտորական աստիճանը ստացած է Սորպոնի համալսարանէն:
1998-էն ի վեր ան դասախօս է Լիբանանեան համալսարանի Իրաւաբանութեան եւ քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ Սպայից վարժարանին մէջ:
Հեղինակն է այլազան հրատարակութեանց:
Այժմ դոկտ. Պայրագտարեան տնօրէնն է համալսարանի Միջազգային յարաբերութեան բաժանմունքին եւ անդամ Լիբանանեան համալսարանի Իրաւական եւ քաղաքական գիտութեանց տնօրէններու խորհուրդին:


