ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն վերահաստատեց, որ իր կառավարութիւնը ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւն է եւ կը գործէ սահմանադրութեան թիւ 64 յօդուածին համաձայն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ պահանջուած է Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ սրտերու լուացումի նիստ մը կազմակերպել` ամրապնդելու համար փոխըմբռնումը:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի ընդգծեց լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ քրիստոնէական հաշտութիւնը իրականացած է եւ կապը տակաւին առկայ է: «Մենք կարիքը ունինք մեր միջեւ յարաբերութիւնները վերարժեւորելու», շեշտեց ան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան իրաւունքն է ուժային նախարարութիւն ունենալ` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը միշտ հաւանական է:


