Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ – Լազարինի Հանդիպում

June 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն գործավար Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Լազարինի շեշտեց, որ Պասիլի հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին հաստատած է Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` Սուրիոյ տագնապին առումով:

Լազարինի շեշտեց, որ ՄԱԿ պիտի շարունակէ զօրակցիլ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը պահանջող Լիբանանի կառավարութեան տեսակէտին` իբրեւ ռազմավարական նպատակ:

Ան ընդգծեց, որ ՄԱԿ կը յարգէ Լիբանանի կառավարութեան այն քաղաքականութիւնը, թէ լիբանանեան հողերուն վրայ սուրիացի տեղահանուածներու կեցութիւնը ժամանակաւոր է: «Այս կը նշանակէ, թէ մենք տեղահանուածները Լիբանանի մէջ համարկելու ընտրանքներ չունինք», ըսաւ Լազարինի` աւելցնելով, որ այդ կեցուածքը կը նշանակէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կամ ալ այլ` երրորդ երկրի մը մէջ անոնց բնակեցումը:

Նշենք, որ Պասիլ ընդունեց նաեւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի հարցերու պետական նախարար Ալիսթեր Պըրթը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ տիրող իրադարձութիւնները եւ սուրիացի տեղահանուածները իրենց երկիրը վերադարձնելու յստակ ծրագիր մը մշակելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Պըրթ շնորհակալութիւն յայտնեց Պասիլին` Քիմիական զէնքերու օգտագործումը արգիլող կազմակերպութեան ժողովին ընթացքին Լիբանանի որդեգրած կեցուածքին համար:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ժեմայէլ. «Բնակարանային Վարկերու Տագնապին Պատասխանատուները Կառավարութիւնն Ու Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչն Են»

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.