Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Նախագահը Շնորհաւորեց Էրտողանը` Ընտրութիւններուն Արձանագրած Յաղթանակին Առիթով

June 28, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր երեկոյեան տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ շնորհաւորեց իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակին առիթով:

Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Էրտողան ու Թրամփ նաեւ համաձայնեցան բարելաւել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները` «նախ եւ առաջ պաշտպանութեան եւ ապահովութեան բնագաւառներուն մէջ»:

Հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը նաեւ քննարկեցին սուրիական Մընպեժ քաղաքին մէջ տիրող կացութիւնը եւ յառաջիկայ շաբաթներուն երկկողմանի հանդիպում կայացնելու համաձայնութիւն ձեռք բերին:

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը յայտնեց, որ Թրամփ-Էրտողան բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Պրիւքսելի մէջ` 11-12 յուլիսին նախատեսուած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ:

Վերջին օրերուն, սակայն, ամերիկեան քաղաքական շրջանակներու շարք մը ներկայացուցիչներ Սպիտակ տան պաշտօնեաներուն կոչ կ՛ուղղէին Էրտողանին ուղղուած շնորհաւորանքներու հարցին մէջ շատ չշտապելու` ընդգծելով յատկապէս Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու ոլորտին մէջ տիրող անմխիթար կացութիւնը:

Ամերիկեան Քոնկրեսի ամէնէն յայտնի հայամէտ անդամներէն մէկը` Լոս Անճելըսէն ընտրուած դեմոկրատական Էտըմ Շիֆ «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է. «Այս կիրակի Էրտողան չակերտաւոր յաղթանակ արձանագրեց իր վերընտրութեան ընթացքին միայն ընդդիմութեան թուլացման, ձերբակալութիւններու, բռնութիւններու եւ մամլոյ ազատութեան ճնշման շնորհիւ: Թուրքիոյ մէջ բռնատիրական համակարգի հաստատումը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, որ այսօր աշխարհով մէկ ժողովրդավարութիւնը յարձակման թիրախի վերածուեցաւ: Մի՛ շնորհաւորէք [Էրտողանը]»:

Էտըմ Շիֆի այս գրառումին, նոյնպէս «Թուիթըր»-ի միջոցով, գրեթէ անմիջապէս հակադարձեց Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Իպրահիմ Քալըն:

«Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, նախագահ Էրտողան հաստատ ձեր շնորհաւորանքին կարիքը չունի: Թուրքիոյ ժողովուրդը արտայայտած է իր տեսակէտը: Պարզապէս կտրեցէ՛ք ձեր ձայնը»,  գրած էր Էրտողանի բանբերը:

Նոյն ժամերուն, երբ Թրամփ ու Էրտողան իրարու հետ հեռաձայնով կը զրուցէին եւ «Թուիթըր»-ի վրայ Էտըմ Շիֆի եւ Իպրահիմ Քալընի հեռակայ բանավէճը ծաւալած էր, Ուաշինկթընի մէջ` Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու ենթայանձնախումբին մէջ եւս կը քննարկէին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները:

Ծերակոյտին մէջ կազմակերպուած լսումներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ուես Միթչըլ չբացառեց Անգարայի դէմ պատժամիջոցներու հեռանկարը: Ըստ ամերիկացի դիւանագէտին, ատիկա աւելի քան հաւանական կը դառնայ, եթէ Թուրքիա շարունակէ խորացնել ռազմաարհեստագիտական համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ:

«Թրքական կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ մեր բոլոր շփումներուն ընթացքին մենք շատ յստակօրէն նշած ենք, որ Ռուսիայէն «Էս-400» համակարգերու ձեռքբերման պարագային բարդութիւններ կը ծագին: Այս մասին մենք բազմիցս ըսած ենք Թուրքիոյ կառավարութեան ամէնէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն: Երբ պարզ դառնայ, որ այս համակարգերու համար վճարումը արդէն իսկ կատարուած է, պատժամիջոցներ կը սահմանուին: Բացի անկէ, մենք նշած ենք, որ «Էս-400» համակարգերու ձեռքբերումը անխուսափելիօրէն պիտի ազդէ ռազմական արդիւնաբերութեան ասպարէզին մէջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ծաւալուած համագործակցութեան հեռանկարներուն վրայ: Ատիկա կը վերաբերի նաեւ [Թուրքիոյ կողմէ] «Էֆ-35» օդանաւերու ձեռքբերման»,  յայտնեց արտաքին գործոց նախարարի օգնականը:

Նախորդը

Քրեմլին. Ճշդուած Են Թրամփ-Փութին Հանդիպման Թուականն Ու Վայրը

Յաջորդը

Հարաւային Սուտանի Մէջ Մնայուն Զինադադարի Մասին Համաձայնութիւնը Կը Սկսի Գործադրման 72 Ժամուան Ընթացքին

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.