Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտը Պատրաստ Է Սերտ Գործակցութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Հետ

June 28, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Շուէտի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարթինա Կուիքը:

Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը շահագրգռուած է տարբեր ոլորտներու մէջ հայ-շուէտական յարաբերութիւններու զարգացումով եւ այդ առումով կարեւոր նկատած է դեսպանին աշխուժ գործունէութիւնը` ճշգրիտ  արդիւնքներ արձանագրելու տեսակէտէն: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է առեւտրական շրջանառութեան ծաւալներու բարձրացման  անհրաժեշտութիւնը եւ աւելցուցած, որ կառավարութիւնը էապէս կարեւոր կը նկատէ արտաքին ներդրումներու ներգրաւումը, գործարարական կապերու ընդլայնումը: Վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր իշխանութիւնները իրենց առջեւ դրած են յաւակնոտ ծրագիրներ` ընդգծելով, որ անոնց իրականացումը կը նկատէ հաճելի պարտաւորութիւն:

Դեսպանը վստահեցուցած է, որ բոլոր ջանքերը ի գործ պիտի դնէ երկկողմանի համագործակցութեան նոր թափ հաղորդելու նպատակով: Դեսպան Մարթինա Կուիք նշած է, որ Շուէտը պատրաստ է սերտ փոխգործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ` ժողովրդավարութեան ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, տնտեսութեան զարգացման եւ այլ ուղղութիւններով:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատած է Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Համապարփակ ու ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ նախատեսուող ծրագիրներու իրականացումը:

 

Նախորդը

Ալպանիոյ, Թուրքմենիստանի, Լիբանանի Եւ Քանատայի Քաղաքացիները Կրնան Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Այցելել Հայաստան

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցած Է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Մէջ Կազմակերպուած Ընդունելութեան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.