Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

November 24, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՅՏՆԻ ՆԿԱՐԻՉ ՕՆՆԻԿ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան գովելի նախաձեռնութեամբ, 14 նոյեմբեր 1961, երեքշաբթի երեկոյեան, եգիպտահայ յայտնի նկարիչ Օննիկ Աւետիսեան տուաւ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը` «Հայ արուեստներու կարեւորութիւնը հայապահպանման գոծին մէջ» նիւթին շուրջ, «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վահէ Սեթեան քանի մը խօսքով ներկայ արուեստասէր հասարակութեան ծանօթացուց օրուան դասախօսը, որ արուեստագէտի խառնուածքով եւ իրաւ հայու հարազատ շունչով ջանաց բացատրել հայ մշակոյթի կենսական կարեւորութիւնը ազգապահպանման նուիրական գործին մէջ: Ժողովուրդ մը, որքան բարձր ըլլայ մշակոյթով, այնքան աւելի կը գնահատուի եւ ինքզինք կը պարտադրէ օտարներուն, որոնք մեզ կը դատեն այն անձերով, որ կը ճանչնան, եւ այն ծանօթութիւններով, որ կրնան ունենալ մեր մասին:

Յարգելի դասախօսը երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք հրատարակած է պատկառելի հատոր մը` նուիրուած հայ նկարիչներու եւ քանդակագործներու, որոնք ներկայացուած են իրենց կենսագրականով եւ գլխաւոր գործերով: Սքանչելի գործ մը, որ արժանի է ամէն գնահատանքի:

Այս ծաւալուն աշխատասիրութեան ընթացքին Օննիկ Աւետիսեան նկատած է բազմաթիւ պակասներ եւ թերիներ, որոնք կը կարօտին լուրջ ուշադրութեան, եթէ կ՛ուզենք կորուստէ փրկել դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած մեծ թիւով նկարիչներ եւ արուեստագէտներ: Իր մտահոգութիւնները ամփոփեց 6 կէտերու մէջ, որոնց իրագործումը պարտականութիւնն է իր արժանապատուութեան նախանձախնդիր ամէն ժողովուրդի:

Բազմաթիւ հայ նկարիչներ զանազան երկիրներու մէջ` Թուրքիա, Իրան, Եգիպտոս եւ այլուր գրաւած են առաջնակարգ դիրքեր, սակայն անոնց կեանքն ու գործը անծանօթ կը մնան մեզի: Միջազգային համբաւի տիրացած արուեստագէտներ ունինք, որոնց գործերը կը մնան զանազան անյայտ վայրեր: Երկրորդական վարժարաններու մէջ ոչ մէկ ծանօթութիւն կը տրուի մեր ուսանողութեան հայկական արուեստներու մասին: Ներկայիս ապրող արուեստագէտներուն հանդէպ կը պակսի հետաքրքրութիւնը եւ քաջալերանքի ոչ մէկ փորձ կը կատարուի, որպէսզի մեր մշակոյթի մշակները կարենան լաւագոյն կերպով ծառայել իրենց արուեստագէտի կոչումին:

Իր այս մտահոգութիւնները յարգելի դասախօսը համեմեց զուարթ դրուագներով եւ եզրակացուց. «Առաջադրուած նպատակին հասնելու համար հսկոյ միջոցներ են անհրաժեշտ. սակայն եթէ հաւատքով մօտենանք մշակոյթի դերին կարեւորութեան հայապահպանման գործին մէջ, նիւթական միջոցներ ապահովելու խնդիրը կը դիւրանայ: Փոխանակ մշակոյթի մշակներուն հանգստեան տուն մը պատրաստելու` հետաքրքրուինք իրենցմով, երբ տակաւին ողջ են եւ կրնան ծաղկեցնել իրենց տաղանդը:

Երեք տարրեր անհրաժեշտ են մշակոյթի զարգացման եւ պահպանման համար. հաւատաւոր իշխանաւորը, դրամատէրը եւ մշակները: Այս երեք տարրերու գործակցութեամբ միայն կարելի է հասնիլ լաւագոյն արդիւնքներու: Այսպէս եղած է Յունաստանի մէջ պերիկլէսեան շրջանին. նոյնը պատահած է Իտալիոյ մէջ Վերածնունդի փայլուն օրերուն: Եթէ չապրէր Սահակ կաթողիկոս մը եւ չապահովէր իր շրջանի իշխաններու նիւթական օժանդակութիւնը, գուցէ հնարաւոր չդառնար Ս. Մեսրոպին համար գրերու գիւտը եւ չունենայինք մեր Ոսկեդարը:

Հարկ է, որ սփիւռքի մեր հայ կազմակերպութիւնները լրջօրէն մտածեն այս հարցին մասին. նախ ապրին մեր մշակոյթով, իրենց խանդավառութեամբ վարակեն մեր մեծահարուստները, որպէսզի անոնք հովանաւորեն եւ քաջալերեն մեր երիտասարդ տաղանդները, որոնցմէ ոմանք ի սպառ կը կտրուին հայ կեանքէն օտար ոստաններու մէջ»:

Ապա ներկաները ուղղեցին զանազան հարցումներ, որոնց ձեռնհասութեամբ պատասխանեց օրուան դասախօսը:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Նախորդը

ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ՆՈԵԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Յաջորդը

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ՆՈՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԷ՞Ք

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.