Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մարդկայնազուրկ… Եւ Իրաւազուրկ

June 28, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ոդիսակա՞ն, թէ՞ արհաւիրք: Նախագահ Տանըլտ Թրամփի անխոհեմ, կարճատես եւ անտրամաբանական գործունէութիւնը օրըստօրէ իր վրայ կը կեդրոնացնէ բոլորին ուշադրութիւնը` յաւելեալ քննադատութիւններու դուռ բանալով:

Ապօրինի գաղթականներ արտաքսելու հարցը մեծ դժգոհութեան ալիք ստեղծած եւ մելան հոսեցուցած էր, երբ այս անգամ Թրամփի ղեկավարութիւնը այլ արագ եւ կարճատես որոշում մը տուաւ, յունիս 20-ին պաշտօնապէս տեղեկացնելով, թէ Միացեալ Նահանգները կը քաշուին Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ նախագահ Թրամփի հլու կամակատար Նիքի Հէյլի յայտարարեց, թէ իր երկիրը կը քաշուի այս  խորհուրդէն, այն պատճառով, թէ քաղաքական մութ հաշիւներ կան, եւ թէ ճնշումներու իբրեւ արդիւնք մարդկային իրաւունքները զոհ դարձած են այս անհանդուրժելի մթնոլորտին:

Վստահաբար, իր սովորական դայլայլիչներով, նոյնինքն նախագահ Թրամփն ալ, իր «փորձառութեամբ», իւրայատուկ մեկնաբանութիւններով եւ անշուշտ յաւելեալ ձաբռտուքներով պիտի համոզէ, թէ տրուած որոշումը տեղին է: Հաւանաբար, ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ անտրամաբանութեամբ, ան կրնայ առաջարկել նաեւ, թէ կրնայ վերատեսութեան ենթարկել այս որոշումը, կամ վերստին միանալ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդին, եթէ ընդհանուր կեդրոնատեղին փոխադրուի… Երուսաղէմ:

Բնական է, որ այսպիսի խորհուրդ պիտի զբաղի ընկերային, բարոյական եւ անշուշտ քաղաքական հարցերով: Նոյնիսկ արուեստի եւ մշակոյթի մէջ մասնագիտացած ՄԱԿ-ի հովանիին տակ գտնուող խորհուրդներ կը զբաղին քաղաքական հարցերով:

Այս որոշումին առնչութեամբ նոյնանման բացատրութիւններ տուաւ Թրամփի ղեկավարութեան այլ բանալի հլու կամակատար մը` արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, որ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հէյլիի` շեշտելով, որ Ամերիկայի շահերը առաջնահերթ կը դասուին ամէն բանէ:

Հոս տեղին է հարց տալ, թէ աշխարհի ամէնէն աւելի ժողովրդավար եւ ազատամիտ երկիրներէն մէկը նկատուող Միացեալ Նահանգները պէտք չէ՞ որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդկային իրաւունքները արծարծող հարցեր նաեւ նկատի ունենան իբրեւ առաջնահերթութիւն:

Այսպէս, այս խորհուրդին մէջ էր, որ Լիպիա կախակայուեցաւ` օրուան ղեկավար Քազզաֆին խախտած ըլլալով մարդկային իրաւունքները: Այլ երկիրներու մարդկային իրաւունքներու դէմ գործած ըլլալով, երկու տարի առաջ մերժուեցաւ Ռուսիոյ գործօն անդամակցութեան իրաւունքը: Միեւնոյն մերժումը ստացան նաեւ իրենց երկրին մէջ մարդկային իրաւունքները ոտնակոխած Պիելոռուսիան ու Ազրպէյճանը:

Հոս տեղին է ընդգծել Եւրոպական Միութեան մէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Միութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպան հանդիսանալ մարդկային իրաւունքներուն ու սկզբունքներուն, թէ դժբախտաբար Միացեալ Նահանգներ կը նահանջեն ժողովրդավարութեան կողմնակից եւ քաջալեր պետութեան իրենց դերէն:

Մէկ խօսքով` ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն դուրս գալու Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը կը նկատուի մարդկայնազուրկ… եւ իրաւազուրկ:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

25 Յունիս 1878. Բացում` Պերլինի Վեհաժողովին. Եւրոպական Դիւանագիտութեան Տխրահռչակ Դաշնագիրը Եւ Հայկական Հարցի Միջազգայնացման Դասերը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.