Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որ յայտնեց, թէ Պաալպեք-Հերմելի մէջ ապահովական ծրագիրը պիտի գործադրուի մինչեւ ապահովական կայունութեան հաստատումը:
Ան նշեց, որ ապահովական ծրագիրը կը գործադրուի բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ` պաշտպանելու համար շրջանին բնակիչներուն անվտանգութիւնը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց նախարարութեան որդեգրած քայլերը` պաշտպանելու համար ազգային ճարտարարուեստը, որ քաղաքական ոչ մէկ նպատակ կը հետապնդէ, այլ` տնտեսական-գերիշխանական:
Խուրի նշեց, որ իրենք այս ուղեգիծով պիտի շարունակեն գործել:
Ան յայտնեց, որ նախագահ Աունին զեկուցած է Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որդեգրուած միջոցառումներուն մասին, որոնք լիբանանեան պետութեան շահեր ապահոված են, ինչպէս նաեւ հաւաքական աշխատանքին պարագային նուազեցուցած են սուղ սակերը եւ կանխարգիլած վնասները:
Խուրի շեշտեց, որ գործադրուած այդ միջոցառումները օրինակելի տարազներ են, որոնք կրնան գործադրուիլ նաեւ լիբանանեան պետական բոլոր վարչութիւններուն պարագային:
Խուրի նշեց, որ իրենց մշակած տնտեսական ծրագիրը գրեթէ աւարտին հասած է եւ յաջորդ շաբթուան ընթացքին անոր արդիւնքները պիտի ներկայացուին հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի օժանդակութեան ամերիկեան յատուկ ուժի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան նախագահ Աուն ընդգծեց, որ երկրին ապահովութիւնը կայուն է, իսկ պետութիւնը իր գերիշխանութիւնը բանեցուցած է ամբողջ Լիբանանի տարածքին, բացի Իսրայէլի բռնագրաւած բաժինէն:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կրցած է իր հողերը ազատագրել ահաբեկիչներէն եւ կը շարունակէ հետապնդել ահաբեկչութեան քնացած բջիջները:
Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց, որ ՄԱԿ-ի միջոցով Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններ կը կատարուին հարաւային Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումը կատարելու, ինչպէս նաեւ Կապոյտ գիծի խախտումները սրբագրելու գծով: Ան նշեց, որ Իսրայէլ ցարդ կը մերժէ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծում կատարել, յատկապէս այն շրջանին մէջ, ուր նաւթի եւ բնական կազի պեղում կը կատարուի:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան կը տառապի սուրիացի տեղահանուածներու տագնապէն եւ լիբանանեան տնտեսութեան դիմագրաւած վնասներէն:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան աստիճանաբար կարենայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովել` առանց Սուրիոյ պատերազմին քաղաքական վերջնական լուծման սպասելու:
Ան յայտնեց նաեւ, որ անցեալ ամսուան ընթացքին Լիբանանի մէջ կայացան երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին կարելի եղաւ ընտրել այսօրուան խորհրդարանը` հիմնուելով համամասնական ընտրական օրէնքին վրայ:
Նախագահ Աուն աւելցուց, որ ներկայիս Լիբանան իր կառավարութիւնը կազմելու ընթացքին մէջ կը գտնուի:
Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որմէ ստացաւ իր լիազօրագիրը:
Նշենք, որ նախագահ Աուն թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն անդրադարձաւ Թմրեցուցիչի դէմ պայքարի համաշխարհային օրուան, որուն առիթով շեշտեց, որ թմրեցուցիչին մէջ փրկութիւն չկայ, այլ` անիկա ինքնին դժոխք է` անհատին, անոր ընտանիքին, շրջապատին եւ երկրին համար:
«Միասնաբար աշխատինք մեր ընկերութիւնն ու զաւակները փրկելու եւ զանոնք զոհի կերպարէն վերածելու թմրեցուցիչի դէմ պայքարողի կերպարի: Թմրեցուցիչի գործածութեան դէմ մղուելիք պայքարը բոլորին պատասխանատուութիւնն է եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի պարտաւորութիւնը», շեշտեց նախագահ Աուն:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն հաստատուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան կազմութեան կը մասնակցի` ըստ իր իրաւասութիւններուն, որոնք սահմանուած են երկրին սահմանադրութեամբ եւ Թաէֆի համաձայնագիրով:
«Այս առումով հանրապետութեան նախագահը իրաւունք ունի նշանակելու փոխվարչապետը եւ կարգ մը նախարարներ, որոնց ընդմէջէն կը հետեւի կառավարութեան աշխատանքներուն` յարգելով իր սահմանադրական խոստումը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյն յայտարարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն յարգելու խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայացուցչութեան համեմատութիւնը, որպէսզի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրանայ:
Նախագահական պալատի հաղորդագրութիւնը հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան յանձնառու կողմերը պէտք է վերջ տան իրենց զրպարտութիւններուն եւ ճշմարտութեան այլակերպումին, որովհետեւ նախագահ Աուն յանձնառու է Թաէֆի համաձայնագիրին, որ վերածուած է սահմանադրութեան, որ իր կարգին արժանի պէտք է ըլլայ բոլորին յարգանքին:




