ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:
Ներկաները շեշտեցին, որ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ ամբողջական եւ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովէ քաղաքական այն ուժերուն, որոնք յաջողութիւն արձանագրեցին երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին:
Անոնք ընդգծեցին կառավարութեան կողմէ փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ պատասխանատու կեցուածքի կարեւորութիւնը:
Հանդիպումը անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքական ուժերը իրենց ներկայացուցչութեան չհամապատասխանող անտրամաբանական պահանջներով չարգելակեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` միաժամանակ դիտել տալով, որ ժողովրդային ներկայացուցչութեան արժանացած կողմերը պէտք է կառավարութեան մէջ ներառուին:



