Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապրիէլ Իսայի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ:
Լիբանանեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան գաղութի զաւակները կ՛ապրին Լիբանանի բարեկամ երկրի մը մէջ` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանան կարիքը ունի իր քաղաքացիներուն օժանդակութեան: «Մենք հպարտ ենք Միացեալ Նահանգներու մէջ ձեր արձանագրած քաղաքական եւ տնտեսական նուաճումներուն համար, սակայն Լիբանան կ՛ակնկալէ, որ ամերիկացի պատասխանատուներուն հետ ձեր յարաբերութիւնները աւելի եւս ծառայեցնէք Լիբանանի օժանդակութեան», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն նշեց, որ Ամերիկան Լիբանանին բարեկամ երկիր է եւ շահագրգռուած է Լիբանանի ապահովական կայունութեամբ, եւ այդ պատճառով ալ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին լիբանանեան բանակին, որ երկրին կայունութիւնը պահպանելու իմաստով միակ հեղինակութիւնն է:
Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակին ստացած զինուորական օժանդակութիւններուն 90 առ հարիւրը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ է:
Զօր. Աուն անդրադարձաւ նաեւ շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան, յատկապէս Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ Լիբանանի վրայ անոր ունեցած տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական հետեւանքներուն: «Հակառակ այս բոլորին, լիբանանեան բանակը Լիբանանի ու լիբանանցիներուն համար ապահովութեան ցանց մըն է եւ կը շարունակէ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանել: Բանակը իրեն վստահուած առաքելութիւնը կը կատարէ` հսկելով երկրին սահմաններուն եւ լիբանանեան ներքին կայունութեան, հակառակ ոմանց կողմէ անոր դերակատարութեան նկատմամբ ցուցաբերուած կասկածներուն», շեշտեց զօր. Աուն:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ահաբեկչութիւնը տապալած բանակ է` շնորհակալութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներուն տրամադրած զինուորական օժանդակութիւններուն համար, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ «Բարձունքներուն արշալոյս»-ը գործողութիւնը յաջողցնել:
«Ճի՛շդ է, որ ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ ամբողջ աշխարհին, սակայն մենք ենք, որ տապալեցինք զայն, եւ տակաւին կը շարունակենք հետապնդել ահաբեկչական բջիջները, որոնք կը փորձեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ցնցել», հաստատեց զօր. Աուն:



