Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաքիս. «Մեծ Թիւով Յանցագործներ Պաալպեքէն Փախուստ Տուած Են Դէպի Սուրիա»

June 23, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խալիլ. «Պըրրիի Պեքաա Ուղղուիլը Հաւանական Է»

Պեքաայի մէջ տիրող անապահովութեան եւ լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն որդեգրելիք ապահովական խիստ միջոցառումներուն լոյսին տակ, երէկ Պաալպեքի քաղաքապետ Հիւսէյն Լաքիս յայտնեց, որ մեծ թիւով յանցագործներ եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուածներ նախորդ օրերուն փախուստ տուած են դէպի Սուրիա, յատկապէս Թարթուսի շրջանը, ուր կը գտնուին զբօսաշրջական համալիրներ:

Լաքիս նկատել տուաւ սակայն, որ լիբանանեան եւ սուրիական ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ զանոնք ձերբակալել:

Լաքիս շեշտեց, թէ Պաալպեքի մէջ գտնուող յանցագործները, որոնք ընդհանրապէս կրակելու յանցանքով դատապարտուած եւ տարբեր պատճառներով բերման գիրեր ստացած են, աւելի քան հարիւր հոգի են: Ան նշեց, որ եթէ անոնցմէ տասը կամ քսանը ձերբակալուին, ապա կացութիւնը կարելի պիտի ըլլայ հակակշռել, որովհետեւ անոնց ձերբակալութիւնը օրինակ պիտի ծառայէ ուրիշներու:

Լաքիս նշեց, որ նախանցեալ օր Պաալպեքի փողոցներուն եւ անոր շրջակայքին մէջ լիբանանեան բանակը տեղակայուած է` յոյս յայտնելով, որ անոր ներկայութիւնը աշխուժ կ՛ըլլայ, յատկապէս ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու առումով:

Միւս կողմէ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Պեքաայի մէջ տիրող անհանդուրժելի կացութիւնն ու անապահովութիւնը կրնայ մղել, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ուղղուի Պեքաա եւ գետնի վրայ հետեւի կացութեան:

Խալիլ աւելցուց նաեւ, որ եթէ մարդիկ կը կարծեն, թէ Պեքաայի մէջ տիրող կացութիւնը Պէյրութի, Լեռնալիբանանի կամ հարաւային Լիբանանի վրայ իր ազդեցութիւնը կրնայ չունենալ, ապա անոնք չարաչար կը սխալին: «Ինչպէս որ կ՛ըսէինք, թէ հարաւային Լիբանանի սահմաններուն պաշտպանութիւնը անհրաժեշտ է մայրաքաղաք Պէյրութի պաշտպանութեան համար, այսօր նոյնպէս կը հաստատենք, որ Պեքաայի պաշտպանութիւնը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ Պէյրութի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանի ապահովական եւ քաղաքական ապահովութեան համար», ընդգծեց Խալիլ:

 

 

Նախորդը

Բանակը Քֆարշուպայի Մէջ Կազմաքանդեց Իսրայէլեան Լրտեսական Սարք Մը

Յաջորդը

«Եթէ Երկրին Մէջ Քաղաքական Կայունութիւնը Յամենայ, Զբօսաշրջութիւնը Պիտի Ըլլայ Լիբանանը Բարձրացնող Գլխաւոր Գործօնը» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.