Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱՇԱՅԱՅԻ ԱՄՐՈՑԷՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵԼՈՎ` ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՇԵՇՏԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

November 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման Ռաշայայի ամրոցէն Անկախութեան տօնի պատգամը կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման լիբանանեան ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ Ռաշայայի ամրոցէն երէկ  փոխանցեց Լիբանանի անկախութեան 68-ամեակի պատգամը:

Իր պատգամին մէջ նախագահ Սլէյման շեշտեց լիբանանեան ազգային ուխտը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան եւ Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութեան ու նուիրումի կարեւորութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը նկատել տուաւ, որ անկախութեան պահպանման կարեւորագոյն ազդակներէն են ազգային ինքնորոշման եւ քաղաքական կեցուածքներու որդեգրման ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ օտար թէ արտաքին միջամտութիւններու եւ ճնշումներու կասեցումը:

Նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ անկախութեան ամրապնդումը կ՛ենթադրէ նաեւ երկրին ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան հաստատումը, ընկերային հարցերու նուազեցումը, տնտեսութեան բարգաւաճումը եւ ընտրական արդի օրէնքի մշակումը:

Ան կոչ ուղղեց վերսկսելու ազգային երկխօսութեան: Ան ընդգծեց երկխօսութեան նախկին նիստերուն ընթացքին որդեգրուած որոշումներուն գործադրութիւնը, յատկապէս Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի աշխատանքի շարունակութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ եւ անոնցմէ դուրս գտնուող զէնքի հարցին կարգաւորումը:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման դէպի Ռաշայա ուղղուելու ընթացքին ժողովրդային ջերմ դիմաւորումի արժանացաւ Մրէյժաթի, Շթորայի, Պար Էլիասի եւ Ռաշայայի մէջ:

Միւս կողմէ, երէկ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակ զետեղելու աւանդական արարողութիւն` յիշատակը յարգելու համար Լիբանանի անկախութեան նպաստած լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններուն: Նշենք, որ զետեղուած բոլոր ծաղկեպսակները կ՛ըլլան իշխանութեան երեք պետերուն անունով:

Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել ծաղկեպսակներ զետեղեց նախկին վարչապետներ Ռիատ Սոլհի եւ Ռաֆիք Հարիրիի շիրիմներուն:

Երեսփոխան Ալի Խրէյս Սայտայի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ատել Օսէյրանի շիրիմին:

Կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի Պիքֆայայի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց շէյխ Փիեռ Ժեմայէլի յուշարձանին:

Տէյր Քամարի մէջ, երեսփոխան Էլի Աուն ծաղկեպսակ մը զետեղեց Քամիլ Շամունի դամբարանին:

Ապտել Համիտ Քարամէի շիրիմը այցելեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, որ իշխանութեան երեք պետերուն անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց անոր շիրիմին:

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն Շուէյֆաթի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Մեժիտ Արսլանի դամբարանին:

Երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Համիտ Ֆրենժիէի դամբարանին:

Աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս ծաղկեպսակ մը զետեղեց Պշարա Խուրիի դամբարանին:

Ֆուատ Շեհապի շիրիմը այցելեց երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր, որ անկախութեան առիթով ծաղկեպսակ մը զետեղեց անոր շիրիմին:

Երեսփոխան Հանի Քպայսի ծաղկեպսակ մը զետեղեց Հապիպ Ապի Շահլայի դամբարանին:

Գաղթականութեան հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Սելիմ Սլամի շիրիմին:

Մշակոյթի նախարար Կեպի Լայեուն այցելեց Սապրի Համատէի շիրիմը, ուր ան զետեղեց ծաղկեպսակ մը:

Երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ատնան Հաքիմի շիրիմին:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՐԱԶԻԼԵԱՆ ՅԱԾԱՆԱՒԸ

Յաջորդը

ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։