Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդէն Միացեալ Նահանգներու Հեռացման Վերաբերող Արձագանգներ

June 21, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու` ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն քաշուիլը տարբեր հակազդեցութեանց առիթ տուաւ:

Արդարեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներուն առած այս քայլով խորհուրդին մէջ քաղաքականացած մթնոլորտ եւ երկու չափ-երկու կշիռի դրութիւն չի տիրեր: Անոր համաձայն, նման քայլ մը մեծ հարուած է այդ երկրին վարկին, որովհետեւ անտեսում է ո՛չ միայն խորհուրդին, այլ նաեւ անոր հովանիին տակ գործող կառոյցներուն` աւելցնելով, սակայն, որ ասիկա մեծ անակնկալ չէր Ռուսիոյ համար: Զախարովա աւելցուց, որ Մարդկային իրաւանց խորհուրդը լաւապէս կը գործէր նախքան Միացեալ Նահանգներուն` անոր անդամակցութիւնը, ուստի յոյսով է, որ ասկէ ետք եւս պիտի աշխատի նոյն կշռոյթով:

Պաղեստինեան կեցուածքը դրսեւորեց Սաէպ Օրէյքաթ, որ   յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը ցոյց կու տայ, որ այս երկիրը կողմնակից է իսրայէլեան բռնագրաւումին, ուժի օրէնքին, փոխանակ միջազգային օրէնքին ու իրաւական ուժին կողմ ըլլալու: Անոր համաձայն, Իսրայէլի գործած ոճիրներուն պաշտպանը հանդիսանալով, Միացեալ Նահանգներ եւս մասնակից կը նկատուին գործադրուած անմարդկայնութիւններուն: Ս. Օրէյքաթ հաստատեց, որ իրականութիւնը հերքելը չի նշանակեր, որ անիկա պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ:

Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներ այսպիսով կը նահանջեն ժողովրդավարութեան կողմնակից եւ քաջալերող եղողի իրենց դերէն: Միութիւնը հաստատեց, որ ինք կը շարունակէ պաշտպան հանդիսանալ մարդկային իրաւունքներուն եւ սկզբունքներուն:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ողջունեց Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը` զայն յանդուգն եւ քաջ նկատելով, իսկ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը կոչեց «կողմնակալ եւ հակաիսրայէլ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ պատասխանատուներուն, որոնց որոշումը նաեւ կեցուածք էր ընդդէմ «սուտին եւ կեղծիքին», որովհետեւ, ըստ Իսրայէլի վարչապետին, խորհուրդը միշտ ալ փաստած է, որ ինք կողմնակալ է եւ Իսրայէլի դէմ կը գործէ:

 

Նախորդը

Հիւսիսային Քորէան Մօտիկ Ապագային Միացեալ Նահանգներուն Կը Յանձնէ Ամերիկացի Զինուորականներու Աճիւնները

Յաջորդը

Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Սպանիոյ Ղեկավարներու Արտակարգ Հանդիպում` Գաղթականներու Հարցերուն Վերաբերեալ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.