– Եգիպտոսի Բ. Հանգրուան Հասնելու Յոյսերը Բաւական Դժուարացան
– Առաջին Կարմիր Քարտը Ստացաւ Քոլոմպիա
Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի մրցաշարքին վեցերորդ օրը, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ:
Ը. խմբակին մէջ տեղի ունեցան առաջին մրցումները, մինչ Ա. խմբակին մէջ` երկրորդ:
Քոլոմպիա, որ մրցեցաւ Ճափոնի դէմ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Ճափոն իր առաջին կոլը նշանակեց 6-րդ վայրկեանին (փենալթիով), իսկ երկրորդը` 73-րդ վայրկեանին:
39-րդ վայրկեանին Խուան Քուինթերօ նշանակած էր Քոլոմպիոյ հաւասարութեան կոլը:
Այս մոնտիալին առաջին կարմիր քարտը ստացողը եղաւ Քարլոս Սանչեզ (3-րդ)` Քոլոմպիայէն:
Մրցումին ներկայ էր շուրջ 41 հազար հանդիսատես:
«Մորտովիա Արենա»-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, օրուան իրաւարարն էր` Տամիր Սքոմինա (Սլովենիա):
Այս մրցումին յաջորդած Սենեկալ – Լեհաստան մրցումը աւարտեցաւ ափրիկեան կազմին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
Սպարտակի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, որուն ներկայ էր 44 հազար հանդիսատես, օրուան իրաւարարն էր Նաուաֆ Շուքրալլա (Պահրէյն):
Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, հիւրընկալ երկիրը, Ռուսիա, որ ճակատեցաւ Եգիպտոսի դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, մինչ անոր մրցակիցը այդ մրցումին արձանագրեց իր երկրորդ պարտութիւնը:
Ռուսիոյ կոլերը նշանակեցին Ահմետ Ֆաթհի (47-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ), Տենիս Չերիսեւ (59-րդ) եւ Արթեմ Ծիուպա (62-րդ), իսկ Եգիպտոսի կոլը` Մոհամետ Սալահ (73-րդ վայրկեանին` փենալթիով):
Եգիպտոսի համար Բ. հանգրուանին տոմս մը ապահովելու յոյսերը բաւական դժուարացան` նկատի ունենալով, որ եթէ այսօր Ուրուկուէյ յաղթանակ մը արձանագրէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ, արաբական երկու խումբերն ալ դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն:
Այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի դաշտին վրայ, ներկայ էին աւելի քան 64 հազար հանդիսատեսներ:
Իսկ օրուան իրաւարարն էր Էնրիքէ Քասերես (Փարակուէյ):
Ուշագրաւ եղաւ անոր սուլած փենալթին` նկատի ունենալով, որ ան իմանալէ ետք ռիփլէյին արդիւնքը, սուլեց փենալթին:
Ռուսիա, որ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, այսպիսով ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
| ԺԱՄ | |
| Փորթուգալ – Մարոք (Բ. խմբակ) | 15:00 |
| Ուրուկուէյ – Սէուտական Արաբիա (Ա. խմբակ) | 18:00 |
| Իրան – Սպանիա (Բ. խմբակ) | 21:00 |





