Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայլան. «Պիտի Պայքարինք Հայ-Թրքական Սահմանին Բացման Համար»

June 20, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական  կուսակցութեան փոխնախագահ եւ երեսփոխանի թեկնածու Կարօ Փայլան անդրադարձաւ հայ-թրքական սահմանի բացման անհրաժեշտութեան:

Պոլսոյ «Ակօս» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Փայլան յայտարարեց, թէ ինք եւ իր կուսակցութիւնը պիտի պայքարին հայ-թրքական սահմանի բացման, առանց նախապայմաններու երկխօսութեան սկսելու եւ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներու ու Հայաստանի միջեւ արժանի համագործակցութիւն սկսելու համար:

«Այս բոլորը Պոլսոյ հայ համայնքին համար ալ շատ կարեւոր են», ըսաւ Կարօ Փայլան:

Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ «Ելք» խմբակցութեան մասին` նշելով. «Ես 2017-ի սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցայ շարք մը պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւններու եւ խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Անոնց մէջ էր նաեւ «Ելք» խմբակցութիւնը, որուն առաջնորդը Փաշինեանն էր: Ինծի կ՛ըսէին, որ «Ելք»-ը խորհրդարանական փոքրաթիւ խմբակցութիւն է եւ հանդիպման անհրաժեշտութիւն չկայ: Բայց ես չհամաձայնեցայ: Պարզուեցաւ, որ անոնք շատ լաւ գաղափարներ կը դաւանին, մօտ են իմ կուսակցութեանս գաղափարախօսութեան եւ այնպիսի քաղաքական ուժ են, որ կողմ են արդարութեան, իրաւահաւասարութեան եւ կը պաշտպանեն կիներու իրաւունքները: Երկար հանդիպում ունեցայ Փաշինեանի հետ: Անշուշտ ես չէի ակնկալեր, որ այս բոլորը այսքան արագ կրնան պատահիլ: Միայն քանի մը ամիսէն, իսկապէս ժողովրդավարական յեղափոխութեամբ, առանց արիւն թափելու, անոնք եկան իշխանութեան: Փաշինեան Հայաստանի արժանաւոր առաջնորդն է: Շատ երջանիկ եմ եւ կը շնորհաւորեմ զիրենք: Իրենք եւս կը փափաքին, որ Թուրքիոյ հետ սահմանները բացուին առանց նախապայմաններու: Յոյս ունիմ, որ Թուրքիոյ մէջ եւս ժողովրդավարական իշխանութիւն հաստատելու պարագային, անյապաղ կը բացուին Հայաստանի հետ սահմանները»:

 

Նախորդը

Սուրիա Կը Դատապարտէ Թուրք-Ամերիկեան Քայլերը «Մընպեժէն Ետք Կարգը Պիտի Հասնի Միւս Վայրերուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Ամերիկացի 25 Քոնկրեսականներ Փոմփէոյին Կոչ Ուղղած Են Զգալի Կերպով Աջակցելու Հայաստանին

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.