Յունիս 1-ի դէպքերն ու իրադարձութիւնները ուղղակի կապ ունին վերջին շաբաթներու Հայաստանի դէպքերուն հետ, այն տարբերութեամբ, որ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» զանգուածային ցոյցերուն եւ խռովութիւններուն փոխարէն` շատ աւելի արագ եւ հմուտ կերպով կարելի եղաւ լուծման յանգիլ: Դեռ պիտի շարունակուին փոփոխութիւններն ու բարեկարգումները` թափանցիկ քաղաքականութեան եւ ղեկավարութեան ի խնդիր: Տարբեր թաւիշի կարիք չկար, այլ պարզապէս տարբեր աւիշ ստեղծուեցաւ:
Կացութիւնը ստեղծուած գոյավիճակի մը արդիւնքն էր: Երկար ժամանակ պատասխանատու դիրքի վրայ գտնուող անձնաւորութիւններ սկսած էին հետզհետէ զոհը դառնալ իրենց միօրինակ գործելաձեւին` չգիտակցելով, որ մտածելակերպն ու գործելաձեւը անհանդուրժելի եւ անընդունելի կրնար դառնալ` տեղացիներու, սերնդակիցներու եւ դրացիներու քով:
Ի վերջոյ, սահմաններ պաշտպանելու համար կիրարկուած ձեւն ու խստութիւնը կարելի չէր գործադրել մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, ուր երկու քաղաքացիներու միջեւ «կաթիլ մը մեղր»-ային ոճով եւ կենցաղային խորք ունեցող պարզ վիճաբանութիւն մը պատճառ դարձած էր, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յատուկ ջոկատի տասնեակ մը անդամներ, ամենայն դաժանութեամբ ծեծեն երկու քաղաքացիներ:
Ստեղծուած ծանրակշիռ կացութիւնը բաւարար եղաւ փաստելու, որ պատահածը չափազանց ընդվզեցուցիչ էր, եւ այդպիսի վիճակ կարելի չէր պարտադրել մայրաքաղաքին մէջ: Ուստի, նախագահ Բակօ Սահակեանը շեշտեց, որ բարեփոխումներու եւ քատրային փոփոխութիւններու շտապ անհրաժեշտութիւնը յառաջացած էր Արցախի մէջ:
Պարզուած էր, որ անկայուն ու լարուած ներքին մթնոլորտ կարելի չէր ունենալ եւ յուսալի անվտանգութեան համակարգի ձգտիլ:
Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետի եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի նշանակումները մաս կը կազմեն այս բարեփոխումներու շարքին, որոնք պիտի շարունակուին: Յստակ է, որ այս ընդհանուր բարեփոխումներու ծիրին մէջ յաւելեալ զարգացման գործընթաց ապահովելու անհրաժեշտութեան տեղ պիտի տրուի զանազան բնագաւառներու մէջ` քաղաքական, անվտանգութեան, տնտեսական, ընկերային երաշխիքներու եւ այլն:
Այսպէս, Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած է տարբեր աւիշ, բոլորովին տարբեր` «երեւանեան թաւիշ»-էն, սակայն` նոյնքան կարեւոր, անհրաժեշտ եւ բնականաբար` արդիւնաբեր:
Սակայն, այս բարեփոխումներէն ետք, գոյութիւն ունի արցախեան հիմնահարցին լուծումը, որ հետզհետէ աւելի կ՛արծարծուի միջազգային քաղաքական բեմահարթակին վրայ:



