Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստանի Կառավարութիւնը Անվերապահօրէն Կ՛աջակցի Բակօ Սահակեանի Բռնած Քաղաքական Ուղղութեան»

June 18, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 16 յունիսին Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ  Սահակեանի հանդիպումը, որուն ներկայ եղած են նաեւ երկու հայկական պետութիւններու զանազան նախարարութիւններու ղեկավարներ:

Վարչապետ Փաշինեանը նախ շնորհաւորած է Արցախի կառավարութեան նոր նշանակուած անդամները իրենց պաշտօններուն  նշանակուելու առիթով եւ ընդգծած, որ կ՛ողջունէ եւ կարեւոր կը նկատէ իրական եւ բովանդակային փոփոխութիւններ իրականացնելու Բակօ  Սահակեանի պատրաստակամութիւնը: «Կ՛ուզեմ այդ հարցով յայտնել մեր անվերապահ աջակցութիւնը Արցախի գործընկերներուն եւ անձամբ նախագահ Բակօ Սահակեանին: Հայաստանի կառավարութիւնը  անվերապահօրէն կ՛աջակցի ձեր բռնած քաղաքական ուղղութեան», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են հայկական երկու պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան եւ անոր ընդլայնման  վերաբերող շարք մը հարցերու: Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետը եւ Արցախի նախագահը քննարկած են բանակաշինութեան, տնտեսութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու վերաբերող հարցեր` կարեւոր նկատելով փորձի փոխանակումը եւ աւելի սերտ փոխադարձ գործակցութիւնը համապատասխան նախարարութիւններուն միջեւ:

Այնուհետեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոն, ուր տեղի ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն: Արցախի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեան հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցած է բանակաշինութեան ընթացիկ խնդիրներուն մասին:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի զինուորական համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ թշնամին  զսպելու մեքանիզմներու կատարելագործման վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նոյն օրը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու նախագահ Բակօ  Սահակեանը այցելած են Արցախի արեւելեան սահմանագիծ: Անոնք ծանօթացած են զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:

 

Նախորդը

Համանախագահները Քննած Են Նախարարական Մակարդակի Հանդիպման Կազմակերպումը

Յաջորդը

Պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը Եւ Արթուր Ասատրեանը Ձերբակալուած Են

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.