Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ շաբաթավերջին պատասխանեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին` հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահը ցեխարձակումներու թիրախ դարձնելը մերժելի է եւ կը հակադրուի ազգային միասնականութեան պահպանման սկզբունքին:
Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը ազգային միասնականութեան խորհրդանիշն է եւ անոր դէմ արտայայտուիլը դասալքութեան համազօր է:
«Հանրապետութեան նախագահը բոլորին հայրն է եւ Լիբանանի խորհրդանիշը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան դրօշը, երկրին հոգերն ու յոյսերը կրողը», ըսաւ Սարրաֆ` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ բոլոր երկիրներուն կողմէ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին նկատմամբ յարգանք կը շօշափենք, բացի Լիբանանէն:
Սարրաֆ շեշտեց, որ Լիբանանի ապագան փայլուն է` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ նախագահ զօր. Միշել Աուն բոլորին ցեխարձակումին արժանանայ, ան պիտի մնայ բոլոր քաղաքացիներուն հայրը` Լիբանանի հիւսիսէն մինչեւ անոր հարաւը:
Միւս կողմէ, Սարրաֆ Աքքարի մէջ Ֆիթրի տօնին առիթով իր կատարած շնորհաւորական այցելութեան ընթացքին շեշտեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին ընդմէջէն Լիբանանի վրայ միջազգային եւ շրջանային ճնշումներ պարտադրելու գրաւը պարզապէս երեւակայութիւն մըն է, որ իրականութեան չի համապատասխաներ:



