Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու թղթածրարին գծով իրենց պարտականութիւնը աւարտելու սեմին է: Ան նշեց, որ այս շաբթուան ընթացքին քաղաքացիութիւն ստացող անհատներուն անուանացանկի ստուգումը արդէն իսկ կ՛աւարտի:
Իպրահիմ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու կատարած ստուգումներէն օրինակ մը պիտի յանձնեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքին, որպէսզի անոնք պէտք եղած որոշումները տան:
Ապպաս Իպրահիմ նկատել տուաւ, թէ անճիշդ են այն լուրերը, որ կան անուններ անձերու, որոնք լիբանանեան քաղաքացիութենէ պիտի զրկուին:



