ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
* Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛անուանենք մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն հետաքրքրական եւ լուսաւոր շրջանը` գիտնալով հանդերձ, որ այդ եղաւ սովի, համաճարակի, սահմանավէճերու, ներքին կռիւներու եւ պատերազմներու շրջան: Հայ ժողովուրդը իր երկար թմբիրէն ետք կ՛ունենար պետականութիւն: Ազգութեան եւ պետականութեան գաղափարին այս վերահաստատումը անկիւնադարձը պէտք է նկատել մեր արդի պատմութեան:

Տ. ԵՂԻՇԷ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
(1910-1990)
* … Մայիս 28-ը մեր պատմութեան մասն է, մայիս 28-ը մեր ժողովրդի արիւնով ստեղծուած է, եւ ինչ որ ժողովուրդներու արիւնով կը ստեղծուի, անիկա ոչ միայն պատմութեան մէջ, այլ յաւիտենութեան մէջ անմահ է: Եւ եթէ մենք փրցնենք մայիս 28-ը մեր պատմութեան հատորէն, մենք ոչ միայն անարդարութիւն մը գործած կ՛ըլլանք, ոչ միայն ոճիր մը գործած կ՛ըլլանք, այլեւ կ՛այլանդակենք մեր պատմութիւնը, այլեւ կը կեցնենք մեր պատմութիւնը, կը կեցնենք մեր պատմութեան ընթացքը, կը կեցնենք մեր ժողովուրդի, ինչպէս կ՛ըսեն, «elan vital»-ը, որ դէպի անմահութիւն, դէպի կեանք միտած է եւ ձգտած է միշտ:
* Գիտէք, որ մայիս 28-ը կը տօնուի Դաշնակցութեան կողմէ, դաշնակցականները, ոչ բոլորը անշուշտ, երբ որ կը խօսին այդ թուականի մասին եւ կ՛ուզեն ապացուցել, թէ իրապէս իրենք պատմութեան մէջ լաւ բան մը ըրեր են եւ ոչ թէ գէշ բան մը: Իսկ եթէ այսօր քաւութեան նոխազ են, որովհետեւ քաւութեան նոխազ կ՛ըլլան բոլոր սուրբերը, քաւութեան նոխազ կ՛ըլլան բոլոր հերոսները, երբ որ իրենց թափած արիւնը կամ սրբազան տեսիլքը տակաւին իր կերպարանքը եւ իր ձեւը չէ առած: Բայց ոչ մէկ կաթիլ արիւն կրնայ թափիլ ժողովուրդին երակէն յանուն գաղափարի, առանց որ անիկա պտղաբերի, առանց որ օր մը իր նպատակին ծառայէ: Չէ եղած պատմութեան մէջ եւ չի կրնար ըլլալ նման բան: Այսօր Դաշնակցութեան` այդ նոխազին կռնակին վրայ գրուած է մայիս 28-ը եւ մեր հերոսներու, մեր նահատակներու վէրքը փաթթող եռագոյն դրօշակը:
* Դաշնակցութիւնը կրնայ ոչ թէ խօսքով, այլ նաեւ սրտի ամենաքաղցր հանդարտութեամբ ըսել Աւետարանի խօսքը. «Բեռն իմ քաղցր է, բեռն իմ թեթեւ է, լուծն իմ քաղցր է եւ բեռն իմ փոքրոգի»: Կրնայ ըսել ատիկա, որովհետեւ այն, ինչ որ շատերու կողմէն իբրեւ, այսպէս ըսենք, ոչ ընդունելի, ոչ սրբազան բան կը նկատուի, անիկա մեր պատմութեան ամէնէն նուիրական եւ սրբազան բանն է, որովհետեւ ներկուած է մեր նահատակներուն, մեր հերոսներուն արիւնով: Վա՛յ այն ժողովուրդին, որ երկրորդ անգամ կը մեռցնէ իր մեռելները, վա՛յ այն ժողովուրդին, որ կը մոռնայ իր մեռելները, որովհետեւ երբ որ մեռելները լռեն, ողջերը այլեւս չեն կրնար ապրիլ. եւ այդ մեռելները, այդ սուրբերը, այդ հերոսները կ՛ապրին, որովհետեւ մեր պատմութեան մէջ ստեղծած են մայիս 28-ը: Ի՛նչ կ՛ուզէ թող ըսուի, մայիս 28-ը նուիրական թուական է եւ մաս` մեր պատմութեան, ինչպէս` ոսկեր ոսկերաց եւ մարմին մարմնոյ:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
(Մուշեղ Ճենտերեճեան, 1913-1990)
* Թրքահայաստանի բովանդակ հայութիւնը տեղահան ընելէ եւ կոտորելէ ետք, թուրքը կու գար իր արիւնոտ թաթով բնաջնջելու նաեւ Արեւելեան Հայաստանի բնակչութիւնը: Սակայն հրաշքի համազօր խիզախութեամբ եւ անձնուիրութեամբ հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ծառացաւ թշնամիին դէմ, որուն ուժերը շատ աւելի գերազանց էին, քան` «որբի եւ գաղթականի» հայրենիքին հողին վրայ ծուարած հայութեան ուժերը: Հնչած էր իսկապէս կենաց-մահու ժամը: Հայ ազգը կա՛մ պիտի սրբուէր պատմութեան էջերէն, կա՛մ պիտի յաղթէր ու գոյատեւէր:
Մայիսեան գոյամարտը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ 1918 մայիս 28-ին, Անդրկովկասի կառավարութեան լուծումէն ետք, հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
* …Հայկական կառավարութիւնները, 1918-1920-ին, գլխաւորուած յաջորդաբար` Քաջազնունիի, Խատիսեանի եւ Օհանջանեանի կողմէ, աստիճանաբար հաստատեցին կարգն ու ապահովութիւնը, վերաշինեցին հաղորդակցութեան ճամբաները եւ զարկ տուին երկրագործութեան: Կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին հայ գիւղացիութիւնը յաջողեցաւ տնտեսութիւնը բարելաւել: Կառավարութիւնը սկսաւ կազմակերպել երկրին կրթական գործը եւ հիմը դրաւ հայկական համալսարանին:
Քաղաքական գետնի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան ամէնէն նշանակալից աքթերէն մէկը հանդիսացաւ Սեւրի դաշնագրին ստորագրումը:
* Վեց դարերու ստրկութենէն ետք, հայութիւնը կրկին կը տիրանար իր պետական անկախ կեանքին: Ճիշդ է, նեղ էին Հայաստանի սահմանները, ծանրօրէն վիրաւոր էր եւ ջլատուած` հայ ժողովուրդը, սակայն տոգորուած գոյատեւելու, յաղթանակելու եւ ստեղծագործելու անխորտակելի կամքով` Հայաստան կը միացնէր իր պատմութեան շղթային փշրուած օղակը:
* Այդ ճգնաժամային պահուն է, որ լսելի եղաւ Արամ Մանուկեանի վճռաշեշտ «ՈՉ»-ը: Հայոց ժողովուրդը արձագանգ տուաւ այդ «Ոչ»-ին: Եւ այն ժամանակ էր, որ անապատներու մէջ մահացած մեր մէկ միլիոն նահատակները միս ու ոսկոր ստացան, յարութիւն առին եւ եկան ու կեցան Արարատեան դաշտին մէջ, Արարատի շուքին տակ: Այդպիսով է, որ կռուող մեր տասը-տասնհինգ հազար հերոսներուն թիւը բարձրացաւ եւ եղաւ մէկ միլիոն տասնհինգ հազար հոգիով բանակ: Ահա այս ուժն է, որ կասեցուց եւ ջախջախեց թշնամին: Եւ շիրիմաքարը, որ պիտի փակուէր հայութեան մնացորդացին վրայ, փշրուեցաւ, եւ փոխանակ վերջնական թաղումին` մենք ունեցանք վերջնական յարութիւն:
* Մայիս 28-ի հրաշքին պատիւը վերագրուեցաւ Դաշնակցութեան: Բայց Դաշնակցութիւնը այդ պատիւը վերադարձուց իր բուն իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին:
Մայիս 28-ի հրաշքով մենք ունեցանք մեր ազատ եւ անկախ հայրենիքը, 11 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ եւ ընդհանուր բնակչութեան վրայ 55 առ հարիւր հայութեամբ: Իսկ երկու տարի յետոյ, երբ ծանօթ դէպքերու բերումով իշխանութիւնը յանձնեցինք համայնավարներուն, Հայաստանի տարածութիւնը 30 հազար քիլոմեթր էր եւ բնակչութեան համեմատութիւնը` 85 առ հարիւր հայ:
* Այսօր այս լուսաւոր թուականին, ճիշդ է, լուռ է Երեւանի հրապարակը, թնդանօթները չեն գոռար ի պատիւ այս լուսաւոր թուականին, բայց թող ձեր սրտերը գոռան, կեցցէ՛ հայոց ժողովուրդը, կեցցէ՛ մայիս 28-ը:
* Ի՞նչ է մայիս 28-ը, ի՞նչ էինք իրմէ առաջ, ի՞նչ էինք իրմէ ետք, Կովկասեան ճակատի վրայ ժողովուրդ մը կայ, որուն կէսը կոտորուած է եւ մահուան պայքար կը մղէ մինակ, լքուած` բոլորէն, թշնամին գերեզմանաքարը ձեռքով պիտի փակէր եւ վրան գրէր` աստ հանգչի հայոց ժողովուրդը: Այդ տագնապալի րոպէին միակ մէկ ձայն ունեցաւ հայ ժողովուրդը, որ զինք գերեզմանին առջեւ կանգնեցուց. Արամ Մանուկեանի ձայնն էր, ՀՅ Դաշնակցութեան ձայնն էր, որ իր ընկերներուն ձայնով, կեանքով, մահով հայ ժողովուրդին կը պատկանէր, եւ որուն հետեւեցաւ հայ ժողովուրդը` մահը հեռացնելու եւ կեանքը վերադարձնելու համար: Քիչ ժողովուրդներ նման պայմաններու մէջ շահած են անկախութեան թուականը:
* Ազատ երկիրներու ժողովուրդներ անկախութեան տօնը կը տօնեն իրենց մայրաքաղաքի հրապարակին վրայ` դիտելով բանակի տողանցքը, թնդանօթները կը գոռան ի պատիւ անկախութեան տօնին: Այսօր հարկադրաբար լուռ է հայուն մայրաքաղաքը, լուռ են թնդանօթները, եւ մենք պարտաւորուած ենք այդ հարկադրական լռութիւնը փոխարինել ազատօրէն խօսուած ճառերով, ազատօրէն մատուցուած յարգանքով ամենալուսաւոր թուականին, որ երբեւէ հայոց պատմութիւնը արձանագրած ըլլայ` 1918 մայիս 28-ին:
* Մայիս 28 յարութեան արձանագրութիւն մըն է ժողովուրդի մը համար, որ մահուան անդունդէն, մահուան գերեզմանէն դուրս եկաւ իր կեանքի ամենադաժան րոպէին:

ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱԼՃԵԱՆ
(1908-1994)
* 1915-ի ապրիլին յաջորդեց 1918-ի մայիսը: Եւ այնպիսի մէկ պահու, երբ երկրորդ եղեռն մը կը սպառնար մեր վերապրող ժողովուրդին, Արեւելահայաստանին, արիւնաքամ ժողովուրդի մեր զաւակները մէկտեղուեցան, բռունցքի մը վերածուեցան անխորտակելի եւ ստեղծեցին, կոթողեցին հայոց պատմութեան երկրորդ Աւարայրը` Սարդարապատի ճակատամարտը: Հայ ժողովուրդը փրկուեցաւ ստոյգ մահէ «իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով»: Գիտէք` այսպիսով հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մայիս 28-ին:
* Չենք կարող չյիշել մեր ազգի նահատակութիւնը` 1915-ի սեւ թուականը, եւ ապա, երեք տարի անց, հրաշքի համազօր նրա նոր կեանքի լուսաբացը` մայիսեան Սարդարապատով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումով:
* Հրաշքի էր նման այդ յաղթանակը: Բայց հրաշք չկար: Կար ժողովրդական ոգու մի հրաշալի, աննախադէպ բռնկում: Կար այն վսեմ ճշմարտութիւնը, որ երբ ժողովրդի ոգին զարթնում, բռնկւում ու շիկացման է հասնում, դառնում է անպարտելի: Եւ այն ամէնը, ինչ պիտի վերջանար այստեղ, սկսուեց նորից: Աշխարհի հնագոյն ու ազնուագոյն ժողովուրդներից մէկը իր նոր պետականութեան հիմքերը դրեց:
Աշխարհի հնագոյն ու ազնուագոյն լեզուներից մէկը դարձաւ պետական:
Աշխարհի հնագոյն ու ինքնութեան դրոշմով կնքուած քաղաքականութեան ոսկէ կանթեղը վառուեց նոր մի բոցով:
* Եւ յառնեց նորից դժոխքի բոլոր պարունակներով անցած, ամենաքստմնելի դաւերի մատնուած, բայց դարերի խորքից բերած իր հոգեկան կերտուածքից ոչինչ չկորցրած հայ ժողովուրդը: Յառնեց իր քարեղէն յամառութեամբ, իր գաղտնիքով ու առեղծուածով, որ գաղտնիք ու առեղծուած չէ, անշուշտ, այլ` դարերով զտուած, կոփուած ու բնական ընտրութեան օրէնքներով զարմանալի կենսունակութեան հասած ոգի…
Սարդարապատը միայն ճակատամարտ չէ, այլ նաեւ դաս է, դասագիրք, ոգեղէն մատեան: Ապրելու համար, յարատեւելու համար պիտի ամբողջ խորութեամբ սերտել այդ դասը, այդ ոգեղէն մատեանը, ուր մեր գոյութեան աստեղային ժամերից մէկն է յաւերժացել…
Խոնարհուենք Սարդարապատում իր աստեղային վսեմագոյն ժամին հասած այդ ոգու առջեւ…
ՎԱԶԳԷՆ ԷԹԻԷՄԷԶԵԱՆ
(1943-1996)
* Ինքնաբուխ եւ յամառ, բայց անհամեմատօրէն զօրաւոր մեր մերժումը եւ դիմադրականութիւնը չէի՞ն, որ ստեղծեցին Սարդարապատն ու մայիս 28-ը:
* Հայ ժողովուրդը, առանց դաւանանքի եւ հանգանակներու խտրութեան, մէկ մարդու նման ծանրացաւ վերահաս վտանգին, ստոյգ անէացումին դէմ եւ Դրոներու, Սիլիկեաններու, Արամներու առաջնորդութեամբ, վեց դարերու ստրկութեան դէմ պոռթկաց ազատ անկախ ապրելու հրեղէն իր կամքը:
Դուք պիտի գտնէք գաղտնիքը այս հրաշքին, եթէ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներէն սուրաք դէպի անցեալ անհունութիւնը ժամանակին եւ ողջունէք այնտեղ մեր Աւարայրը:
* Մայիս 28-ի մեր յարութիւնը, սակայն, տրամաբանական ճշմարտութիւններէ եւ նոյնինքն տրամաբանութենէն գերիվեր ՊԱՏԳԱՄ մըն էր` դարերու արիւնով եւ հայ ժողովուրդի ազատութեան տենչով պայմանաւոր:
* 1918-ը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի արդիւնաւորման տարին, որուն հասնելու համար սերունդներ` դաշնակցական ֆետայիներու գրեթէ ամբողջ փաղանգը անձնուրաց կերպով, անկարելին կարելի դարձնելու վճռակամութեամբ, տուաւ ամէն ինչ, որպէսզի շօշափելի իրականութիւն դառնայ հայ ժողովուրդի ազգային տեսլականը. մեռան, որպէսզի չմեռնի ազգը, նահատակուեցան հայրենիքի փրկութեան սիրոյն, կռուեցան եւ խիզախեցան, որպէսզի կանգուն մնայ Հայոց Տունը, հայ ժողովուրդի պատմական բնօրրանը:
* Մայիսեան անկախութեան տօնին առիթով հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի հաւատամքը անոր շուրջ բիւրեղացած տեսլականն է, որ պիտի վերարծարծուի հայ ազատատենչ զանգուածներու ե՛ւ սրտերուն, ե՛ւ մտքերուն մէջ: Այդ առթիւ տեւաբար հայ ժողովուրդի անվիճելի իրաւունքը համարելով ձեռքբերումը` ազգային, ընկերային եւ միջազգային բոլոր այն առաւելութիւններուն, որոնք առաջադրուած են իրա՛ւ ընկերվարական սկզբունքներու հիմամբ եւ սահմանուած` Մարդկային իրաւանց յայտարարութեամբ: Այդ առաւելութիւններու ձեռքբերման ճամբուն վրայ եւ մինչեւ վախճանական այդ նպատակին հասնիլը` յարատեւ պայքարի ուխտը վերանորոգելու օրն է մայիս 28-ը:
* 1918 մայիս 28-ի անկախութիւնը արդիւնք էր հայ ժողովուրդի քանի մը տասնամեակներու յամառ ու յարատեւ կռուին, բայց մանաւանդ պտուղն էր երեսնամեակի մը տենդագին աշխատանքին, պարտութեանց ու յաղթանակներու մէջ թրծուած հայ քաղաքական մտքին, ինչպէս նաեւ` մարտական ուժերու անմնացորդ ծառայութեան ու պայքարին:
* Ազգային տեսլականի տրամաբանութիւնն էր, որ ծնունդ էր տալիս ֆիտայական աննման սերնդին եւ յանուն հայրենիքի նրանց կատարած խոյանքներին` ի վերջոյ իրականացնելու համար Միացեալը եւ Միացեալի բովով անցնող Հողահաւաքի գործընթացին: 1918-ի մայիս 28-ին, թէկուզ` կարճատեւ, հայկական անկախ պետականութեան պատմակշիռ նշանակութիւնը, ամէն բանից առաջ, հայոց ազգային տեսլականը վերացական նկատուած պատկերացումից, հանգրուանային նուաճումներով, շօշափելի իրականութեան հասցնելու կարելիութեան փաստն է, որ իբրեւ ազգային-քաղաքական անկորնչելի հանգանակ` գալիք սերունդների ներշնչարանը պիտի հանդիսանար:
(Շար. 8)







