ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բազմացուցէք ձեր ժողովները եւ հանդիպումները: Նիւթական խնդիրներ քննարկեցէք եւ զիջումներ կատարեցէք: Որքան ալ դժուարանան ձեր պարտաւորութիւնները, մի՛ թերանաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ամսուան վատ օրերէն մէկն է: Ուշադիր եղէք վիճաբանութիւններէն: Առետրական գործարք մը պիտի կորսնցնէք, եթէ տէր չըլլաք ձեր ջիղերուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դասաւորեցէք ձեր ժամանակը եւ յստակ եղէք ձեր առաջնահերթութիւններուն մէջ: Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեզ ջղայնացնեն: Թոյլ մի՛ տաք, որ ճնշումները ազդեն ձեր կատարողութեան վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ: Կը վերատիրանաք ձեր հանդարտութեան եւ առողջութեան: Ձեր սիրելիին հետ կապերը պիտի ամրանան: Պիտի կրնաք լուծումի մը հասնիլ: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ վիճաբանիք ձեր բարեկամներուն եւ սիրելիներուն հետ: Պիտի պահէք նեղութիւն մը կամ ջղայնութիւն մը: Դժուար բնաւորութիւն ունիք: Տագնապալից շրջան մըն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարողութիւն ունիք վիճելու, զրուցելու եւ միտքեր առաջարկելու: Ձեր իրաւունքները պահանջելու լաւ օրերէն մէկն է: Ձեր սիրելիին հանդէպ ջղայնութիւն ցոյց մի՛ տաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արագ շարժեցէք, մի՛ սպասէք, որ առիթը ձեզի գայ, դուք փնտռեցէք զայն` առանց Ժամանակ կորսնցնելու: Քննութեան պիտի յաջողիք եւ փայլուն միտքեր պիտի առաջարկէք: Ուշադիր եղէք նիւթական վէճերէն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նորութիւն պիտի մտցնէք ձեր կեանքին մէջ: Պիտի լեցուիք աշխուժութեամբ եւ եռանդով: Դրական շրջան մըն է: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքը դանդաղ ընթացք պիտի ունենայ: Մի՛ յուսահատիք, այլ շարունակեցէք ձեր ամէնօրեայ աշխատանքը: Վերջնական որոշում մը՛ տաք, որպէսզի չզղջաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարողութիւն ունիք առանց գանգատելու շարունակելու ձեր գործը: Ձեզի պիտի օգնեն հեռաձայնային կապերը եւ հանդիպումները: Մեղմացուցէք մթնոլորտը, որպէսզի յարաբերութիւնները բնականոն դառնան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տագնապալից շրջան մըն է: Պէտք ունիք մէկը, որ ձեր տրամադրութիւնները բարձրացնէ: Դժուար շրջան մըն է: Հեռու կեցէք հակառակութիւններէ, մանաւանդ` պատասխանատուներուն հետ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լաւ կը կառավարէք ձեր գործերը: Ձեր կողակիցին ընտանիքին հետ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: Սպասուած ճամբորդութիւն մը պիտի ունենաք:
